Էլիզէ Պալատը հրապարակած է Փարիզի մէջ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումի ժամանակացոյցը
Ֆրանսայի նախագահական պալատը հրապարակած է Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն
այսօր Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ժամանակացոյցը: Այսօր Ֆրանսայի ժամանակացոյցով
ժամը 11:00-ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ
բանակցութիւններ պիտի վարէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ ժամը 12:15-ին`
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ժամը 18:00-ին Հոլլանտ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին
վերաբերեալ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ,
իսկ ժամը 20:00-ին տեղի պիտի ունենայ երեք երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ ընթրիք
մը