2014-10-25 14:19:36

''Մարդկային արժանապատուութիւն եւ մարդկային զարգացում '' խորագիրով դասախօսութեան առթիւ` Կարտինալ Փարոլինի ելոյթը։


(Ռ.Վ. 25 հոկտեմբեր 2014) 22-էն 24 հոկտեմբերին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ ՝՝Մարդկային արժանապատուութիւն եւ մարդկային զարգացում ՝՝ խորագիրով հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Նոթր Տամ Կլոպալ Կաթվէյի համալսարանին ։Այս առթիւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարոլինը, իր ունեցած ելոյթին մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի՝ ''Evanglii Gaudium – Աւետարանի ուրախութիւն'' առաքելական յորդորագիրի ընդմէջէն Քահանայապետի տեսութիւնը Ներկայ աշխարհի տնտեսական դերութիւններուն վերաբերեալ։
Այնպէս ինչպէս ''մի սպաններ պատուիրանը'' յստակ կերպով կը սահմանէ եւ կ՝ ապահովուէ մարդու կեանքի արժանիքը , նոյնը պէտք է ըսել նաեւ ոչ բացառման եւ անհաւասար տնտեսականութեան – ըսած է Կարրդինալ Փարոլին ընդգծելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապի Աւետարանի ուրախութիւն'' առաքելական յորդորագիրը չդատապարտեր եւ ոչ իսկ կը գնահատէ որդեգրուած տնտեսական որոշ համակարգ մը ։ Հորդորագիրին կէտնպատակն ու հեռանկարն է շարժել խիղճերը զարգացնելու համար նոր տեսութիւնը մը մարդու վրայ կեդրոնացած, որ չկրնար մարդը՝ վաճառականութեան առարկայ դարձնել։
Մարդ արարածը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութեամբ՝ կոչուած է Աստուծոյ Որդի – հաստատեց Վատիկանի Պետքարտուղարը իր ելոյթին ընթացքին ու ապա պատգամին աւարտին վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խօսքերը հարց տուաւ ''Ինչո՞ւ չդիմել Աստուծոյ որպէսզի ներշնչէ բոլոր գիտնականներուն եւ տնտեսագէտներուն եւ զարգացումի գործիչներու միտքերը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.