2014-10-25 10:07:46

Կրօնաւորական վիճակը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կրօնաւորական միաբանութիւններու ընդհանուր մեծաւորներու միութեան հանդիպման ընթացքին յիշեցուցած էր թէ կրօնաւորական կեանքը շատ բարդ է. Ան թրծուած թէ՛ մեղքով թէ՛ նաեւ շնորհքով: Արդարեւ այս տարուայ ընթաքին կ՛ուզենք ծանօթանալ եւ խոստովանիլ կրօնաւորական կեանքի տկարութիւնը, բայց նաեւ կ՛ուզենք ուժեղ կերպով եւ ուրախութեամբ աղաղակել եւ հռչակել սրբութիւնը եւ կենսունակութիւնը, որ կը բնորոշէ կրօնաւորական կեանքը:
Քահանայապետի խօսքէն մեկնելով կ՛ուզենք ըսել թէ կրօնաւորը միշտ վշտացած հոգի ունի` մահացման կեանք ապրելու համար:
Ամէն կրօնաւոր զոհ մըն է, գովեստի պատարագ մը Աստուծոյ. զոհ մը տարբեր տրամադրութիւններով, քան սովորական հաւատացեալը :
Սուրբ Պետրոս կ՛ըսէ. « Եւ դուք իբրեւ կենդանի վէմեր, կը կարուցուիք որպէս հոգեւոր տաճար, որպէս անարատ քահանայութիւն, որպէսզի Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ մատուցէք հոգեւոր պատարագներ (1 Պետ. 2-5)
Հին Օրէնքին մէջ, Աստուած կը նուիրէին անասուններ կամ երկրի բերքերը, Աստուած չէր մերժեր զանոնք, բայց ատոնք իրեն արժանաւոր չէին : Աստուած կ՛ուզէ որ մենք մեզ զոհենք, մենք ըլլանք ողջակէզները, ինչպէս որ Սուրբ Պօղոս կը յանձնարարէ հաւատացեալներուն.« Կ՛աղաչեմ ձեզ, եղբայրներ, գթութեամբ Աստուծոյ, որ պատրաստէք ձեր մարմինները որպէս կենդանի զոհ, սուրբ, աստուածահաճոյ, այդ է ձեր բնական պաշտամունքը» :
Ահաւասիկ Աստուծոյ հաճելի միակ զոհը եւ ողջակէզը :
Մարդս կրօնաւորական վիճակն ընդունելով` Աստուծոյ կը նուիրէ ո՛չ միայն կամքը, միտքը, այլեւ մարմինը, որոնք Աստուծոյ համար են եւ կենդանի, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այս հոգեւոր ողջակիզումը մեր նիւթական կնիքը չի վերցներ, այլ հրաշալի կերպով կը պահէ. ողջակէզ մըն է, որ նաեւ սուրբ է եւ հաճելի Աստուծոյ. քանի որ աշխարհի բոլոր իրերէն Աստուծոյ աւելի հաճելի է մարդուս կամքը, միտքը, հոգին, որոնք Աստուծոյ կը նուիրեն եւ կը զոհեն:
Ամէնէն ընդհանրական նուէրն է ասիկայ, քանի որ կրօնաւորն ինքն իրեն կը զոհէ ամբողջապէս, առանց որեւէ բան իրեն պահելու, կո զոհէ ամբողջապէս ուխտադրութեան պահուն, կը զոհուի ամբողջապէս ընդմիշտ :
Մարդ կրնայ ունենալ երեք տեսակ բարիք. նիւթական բարիք, մարմնի բարիք եւ կամքի բարիք : Արդ, այս երեքն ալ ուխտերով կը նուիրուին Աստուծոյ եւ կը զոհուին :
Նութական բարիքն աղքատութեան ուխտով, մարմնի բարիքը` ողջախոհութեամբ, իսկ կամքի բարիքը` հնազանդութեամբ :
Կրօնաւորի կատարած ողջակէզի մէկ ժամուայ մէջ չի վերջանար, այլ ամէն օր կը շարունակուի` նորոգուելով մինչեւ մահ. իրապէս կրօնաւորը կը վերանորոգէ իր ողջակէզը եւ կը կատարէ որեւէ գործ մը, որ ուխտով պարտադրուած է իրեն. ուխտերու զօրութեամբ այդ գործերը կրօնքի առաքինութեան գործեր կը դառնան . դարձեալ` իր ամէնօրեայ կեանքը եւ ուխտերը պահելով` զոհագործման կեանք մըն է որ կը կատարէ, որովհետեւ Աստուծոյ սեղանին նուիրուած կեանք մըն է. կրնայ Սուրբ Պօղոսին նման ըսել. « քեզի համար մենք կը մեռնինք ամէն օր, համարուեցանք որպէս ոչխար սպանդի համար : (Հռոմ. 8, 36)
Ահա թէ ինչպէս կրօնաւորական վիճակը գերազանց վիճակ մըն է, որուն մասին քիչ կը խորհրդածենք, եւ շատեր կը կարծեն, թէ կրօնաւորի կեանքը թոյլ եւ գաղջ կեանք է, զուրկ պարտականութիւններէն. Ընդհակառակն, պէտք է մտածել, որ կրօնաւորներն ամբողջապէս Աստուծոյ ձօնուած զոհեր են եւ չեն կրնար իրենք իրենց համար ապրիլ:







All the contents on this site are copyrighted ©.