2014-10-24 10:25:20

Քոյր Ասսունթա Մարիա Մարքէթթիի երանացման արարողութիւնը Սան Փաուլոյի մէջ


(Ռ.Վ. 24 հոկտեմբեր 2014) Շաբաթ, 25 հոկտեմբերին, Պրազիլի մարաքաղաք` Սան Փաուլոյի մէջ, տեղի կ՝ունենայ Աստուծոյ աղախին Մայր Մարիա Ասսունթա Քաթէրինա Մարքէթթիի երանացման արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյին։
Մայր Ասսունթա ծնած է 18 օգոստոս 1871-ին, Իտալիոյ Լոմպրիչի գիւղաքաղաքին մէջ։
Ան երիտասարդ հասակէն իր կեանքը նուիրած է Աստուծոյ։ Զբաղած է իր ընտանիքով խնամք տանելով իր հօր որ ապա մահացած է երիտասարդ տարիքին։
1985-ին Մայր Ասսունթա ընդառաջելով իր եղբօր՝ հայր Ճուզէփփէի հրաւէրին մեկնեցաւ Պրազիլ եւ հոն հետեւեցաւ եղբօր ապրած միսիոնարական կեանքին՝ խնամելով որբերը եւ հոգ տանելով Պրազիլի մէջ ապաստան գտած իտալացի գաղթականներուն։
Քոյր Ասսունթա Պրազիլի մէջ հանդիպեցաւ Հայր Սքալապրինիին հետ, որուն հետ միասին հիմնեցին ''որբերու եւ անտեսուածներու ծառաները'' կոչուող հաստատութիւնը։
Մայր Ասսունթային համար, Յիսուս կը գտնուէր աղքատներու, որբերու, հիւանդներուն եւ գաղթականներուն մէջ։ Ան հպարտ էր առաքելութեան եւ ծառայութեան կոչուած ըլլալուն համար։ Բովանդակ կեանքը նուիրեց մանուկներուն՝ դառնալով մայր բոլոր անոնց, որոնք ծնողքէ զուրկ էին։ Սքալապրինեանի միաբան քոյրերուն համար Մայր Ասսունթան՝ միսիոնարականութեան, քաջութեան եւ ծառայութեան տիպարն է.
Մայր Ասսունթա, արկածի մը պատճառաւ ոտքը կտրուեցաւ ու երկար տարիներ շարունակ տառապեցաւ։ 14 Յուլիս 1948-ին, Սան Փաուլոյի մէջ գտնուող որբանոցին մէջ, հոգին աւանդեց առ Աստուած։
Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն, Մայր Ասսունթայի երանացման արարողութեան առընչութեամբ,Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ ունեցած հարցազրոյցին մը ընթացքին յայտնեց, թէ Մայր Ասսունթայի եղբայրասիրութիւնը ցուցամոլութիւն չէր այլ խոնարհ, համբերատար ծառայութիւն։ Այս է Երանելի Ասսունթայի թողած ժառանգութիւնը` ոչ միայն իր միաբանակից քոյրերուն այլեւ բոլորիս համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.