''Չիքունկունիա'' ժահրը արագօրէն կը տարածուի կեդրոնական Ամերիկայի մէջ։
«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ կը տարածուի չիքունկունիա
վարակը: Վտանգաւոր ժահրով վարակուելու դէպքերու զգալի աճ արձանագրուած է Սալվատորի, Հոնտուրասի,
Նիքարակուայի եւ Քոսթա Ռիքայի մէջ: Ամէնէն լարուած իրավիճակը Սալվատորի մէջ է. մայիսի
վերջէն ի վեր այդտեղ արձանագրուած է 149 դէպք: Ըստ երկրի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ
Էտուարտօ Էսփինոսայի, աւելի քան 71 հազար մարդ կը կարծուի վարակուած ըլլալ վտանգաւոր
ժահրով: Ժահրի տարածման պատճառը մժեղներն են: Սալվատորի իշխանութիւնները աշխուժ պայքար
կը մղեն այդ միջատներուն դէմ: Նիքարակուայի մէջ յուլիսէն ի վեր արձանագրուած է ժահրով
վարակուելու 43 դէպք: Տարբեր շրջաններու մէջ կը դեղուին մժեղներու կուտակման հաւանական
վայրերը, բնակչութեան խորհուրդ կը տրուի խստօրէն հետեւելու առողջապահական անվտանգութեան
ապահովման միջոցներուն: Քոսթա Ռիքայի մէջ այս տարի յայտնաբերուած է չիքունկունիա ժահրով
վարակման 21 դէպք: Հիւանդներէն միայն մէկը վարակուած է նշեալ հանրապետութեան տարածքին
մէջ, միւսները` Տոմինիքեան Հանրապետութիւն, Սալվատոր եւ Հայիթի ճամբորդութիւններու ընթացքին: Չիքունկունիա
ժահրով վարակուելու պարագային ախտանշաններն են` շատ բարձր ջերմութիւն, սիրտխառնուք, մարմինի
վրայ հետքեր, մկանային եւ յօդերու ցաւ: Կարգ մը պարագաներու այդ ցաւերը կրնան տարիներով
շարունակուիլ: