2014-10-22 12:22:16

''Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը բոլորին յիշեցուց Աստուածային ողորմութեան խորհուրդը''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռ.Վ. 22 հոկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին խօսքը ուղղելով Լեհ ուխտաւորներուն, Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծիսական տօնը ըսելով` ''Այսօր կը նշենք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծիսական տօնը, որ - ըսաւ Ան - բոլորը հրաւիրեց իրենց սրտերը բանալու Քրիստոսին։ Ան հայրենիք կատարած առաջին առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հայցեց Սուր Հոգւոյն պարգեւները որպէսզի վերանորոգեն Լեհաստանի հողը։ Ան համայն աշխարհին յիշել տուաւ Աստուածային ողորմութեան խորհուրդը։ Անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը թող չմոռցուի այլ մղէ խորհրդածութեան եւ Եկեղեցւոյ, ընտանիքի եւ ընկերութեան բարիքին ի սպաս գործունէութեան։ Անուն Յիսուսի փառաւորել եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.