2014-10-22 10:26:08

Հռոմի Ճեմելլի համաբուժարանը իր մէկ մատուռը կը յատկացնէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի։


Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր` տօն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Հռոմի Ճեմելլի բազմաբուժարանը իր մէկ մատուռը նուիրեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի։
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մատուռը կը գտնուի բազմաբուժարանին երկրորդ յարկը, ուր սուրբը իր քահանայապետութեան տարիներուն ընթացքին տասը անգամներ հոն խնամուեցաւ։
Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբերի, ժամը 17-ին, պատարագ կը մատուցուի եւ խորանին վրայ կը զետեղուի սուրբին արիւնոտ մէկ մասունքը։
Ճեմելլի բազմաբուժարանի մատրանապետը գերապայծառ Ճուլիոտորի այս առթիւ յայտարարած է որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի ներկայութիւնը հիւանդանոցի հիւանդներուն համար կը հանդիսանայ մեծ օրինակ մը դիմագրաւելու ցաւերը եւ բժիշկներուն համար խթան մը լաւագոյնս կատարելու խնամատարութեան իրենց առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.