2014-10-22 13:02:38

Հայաստանի Հրատարակիչներու միութիւնը այցելեց Զմմառու վանքը ։


Անցեալ Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ, հայրենի հրատարակչատուներու գրատարածումի եւ ընթերցասիրութեան դերին ու անհրաժեշտութեան «Գիրքը կը շնչէ միայն ընթերցողով» նիւթով՝ ձեռնարկի զեկուցողները Զմմառու վանք այցելեցին։ Այցելուներու շարքին էին հայրենի եւ լիբանանահայ մտաւորականներու ու մամլոյ մշակներու՝ Տիգրան Ճինպաշեան, Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան նախագահ` Մկրտիչ Կարապետեան, «Խնկօ Ապէր»ի փոխտնօրէն Մատլէն Յովսէփեան, «Սարգիս Խաչենց -Պրինտ Ինֆօ»ի հրատարակչատան ծրագիրի ղեկավար` Արամ Մեհրապեան, որ հրատարակեց անգտանելի, նոյնիսկ արտասահմանի մէջ չգտնուող գիրքեր», «Զանգակ» հրատարակչութեան տնօրէն` Էմին Մկրտչեան, «Նայիրի» ելեկտրոնային բառարան-կայքի պատասխանատու և «Բուքինիստ» գրահրատարակչատան անունով` Խաչիկ Վարդանեան: Պատուոյ հիւրերը հերթաբար շրջագայեցան դարաւոր վանքի Մայր Տաճար, «Ցաւագին Տիրամօր» մատուռ, թանգարան և մատենադարան:








All the contents on this site are copyrighted ©.