2014-10-21 13:58:56

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութիւնը Թուրքիա։


(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, վերահաստատեց թէ յառաջիկայ 28 – 30 նոյեմբեր, Ֆրանչիսկոս Պապը, ընդառաջելով Թուրքիոյ նախագահին, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա ին եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրաւէրին, պիտի այցելէ Անգարա եւ Իսթանպուլ։
Նորին Սրբութիւնը հռոմէն կը մեկնի 28 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին եւ Անգարայի օդակայան կը ժամանէ 13-ին։ Բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Նախագահական Պալատին մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում կ՛ունենայ քաղաքական իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։ Նոյն օրը Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի դամբարանը, կը հանդիպի Թուրքիոյ վարչապետին եւ ''կրօնական գործունէութեանց'' նախագահին հետ։
Շաբաթ 29 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը օդանաւով կը փոխադրուի Իսթանպուլ ուր նախ կ՛այցելէ Այա Սոֆիայի թանգարանը, Սուլթան Ահմէտի մզկիթը, ու ապա ''Սուրբ Հոգի'' կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարագը որմէ ետք նախատեսուած է համամիութենական աղօթք մը Սուրբ Գէորգ Պատրիարքական եկեղեցւոյ մէջ, որուն կը յաջորդէ առանձնական հանդիպում Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ին հետ։
Ճամբորդութեան վերջին օրը` Սուրբ Գէորգ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է ծիսակատարութիւն, որուն աւարտին պիտի ստորագրուի միացեալ յայտարարութիւն մը եւ տեղի պիտի ունենայ համամիութենական օրհնութիւն, ուստի սիրոյ ճաշ` Ֆրանչիսկոս Պապի ու Բարթողոմէոս Ա- ի ներկայութեամբ, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը ճառ մը կ՛արտասանէ ներկաներուն։
Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ կ՛առնէ եւ ժամը 17-ին կը մեկնի Իսթանպուլի օդակայանէն, եւ մէկ ժամ 40 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք կը հասնի Հռոմի Չամփինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.