2014-10-21 09:34:00

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակագրութիւնը


(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 19 հոկտեմբերին միսիոնարական, համաշխարհային օրուան առթիւ, ըստ աւանդութեան Ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը, թիւերով կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը աշխարհի մէջ։
Ըստ Եկեղեցւոյ վիճակագրական գրասենեակին, 31 դեկտեմբեր 2012-ի տարեգիրքի տուեալներուն համաձայն, աշխարհի մէջ բնակչութեան թիւը հասած է 7.023.377.000, նախորդ տարուան համեմատութեամբ աճ արձանագրելով (90.067.000) անհատներով որոնց մեծամասնութիւնը ծնած են Ասիական ցամաքամասին մէջ։
Վերոյիշեալ տուեալներու համաձայն, կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը հասած է 1. 228.621.000։
Կաթողիկէներու թիւը (+ 0,12) աճ արձանագրած Ամերիկիոյ մէջ, (+ 0,01) Ասիոյ մէջ, իսկ (-0,01) նուազած է Եւրոպայի մէջ, ինչպէս նաեւ նուազած է (-0,02) Ովկիանեան ցամաքամասի երկիրներուն մէջ, իսկ Ափրիկէի մէջ մնացած է անփոփոխ։
Ինչ որ կը հայի կղերականներու թիւին, ըստ 2012 վիճակագրութեան անոնք կը հաշուեն 414.313 կղերականներ։
Ընդհանուր առմամբ կղերականներու թիւը նուազած է Եւրոպայի մէջ – 1375 կղերականներով, իսկ աւելցած է Ամերիկիոյ մէջ։
Դաստիարակչական եւ ուսումնական մարզին մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցին աշխարհէ մէջ կը մատակարարէ 166434 դպրոցներ որոնց կը յաճախեն 6,338,985 աշակերտներ 95246 նախակրթական դպրոցներ՝ 32,299.669 աշակերտներով։
Ժողովուրդներու Աւետարանացման Ժողովի պատկանող Եկեղեցական վարչական հաստատութիւնները, 8 հոկտեմբեր 2014-ին կը հաշուեն 1109 հաստատութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը 507՝ կը գտնուին Ափրիկէի մէջ, 476 Ասիոյ մէջ ապա 80 հաստատութիւններ Ամերիկա իսկ 46՝ Ովիանեան երկիրներու մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.