2014-10-21 11:55:07

Երանելի Հայր Ժոզէֆ Վազի սրբադասումը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սրի Լանքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին


(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ յունուար 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Սրի Լանքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Սուրբ պիտի հռչակէ հնդիկ առաքեալ՝ Երանելի Հայր Ժոզէֆ Վազը ։
Այս մասին յայտնեց Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուած կարտինալական ժողովի աւարտին։
Սրբադասման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 14 յունուարին 2015-ին Սրի Լանքայի մայրաքաղաք Քոլոմպօ քաղաքին մէջ։
Սրի Լանքացի Հայր Ժոցէֆ Վազը Երանելի հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետի կողմէ՝ 1995 թուականի Սրի Լանքա կատարած Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Երանելի հայր Ժոզէֆ Վազը ծնած է 1651-ին, Կոա քաղաքին մէջ, ան քահանայ ձեռնադրուած է 1676-ին ։ 1658 թուականին, Կաթողիկէ եկեղեցին մեծ տագնապի մէջ կը գտնուէր . կղերականները վտարուեցան երկրէն եւ մեծ հալածանքներու ենթարկուեցան։
Հայր Վազը կամաւոր կերպով որոշեց մնալ երկրին մէջ , ան կրցաւ ճարպիկութեամբ սիրաշահիլ երկրի Պուտտիսթ թագաւորը եւ մնաց միակ կաթողիկէ կղերականը որ ծածուկ կերպով շարունակեց քարոզել Քրիստոսի աւետարանը։
Հայր Ժոզէֆ Վազը 1711-ին՝ 59 տարեկանին, կնքեց իր մահկանացուն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.