2014-10-20 14:22:22

Չորս հազար Իրաքցի քրիստոնեայ գաղթականներ փախուստ տուած են դէպի Յորդանան:


(Ռ.Վ. 20 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան տեղապահ` Արքեպիսկոպոս Մարուան Լահհամ, Ֆիտէս լրատու գործակալութեան յայտնեց թէ, Մոսուլէն տեղահան եղած եւ Յորդանանի մէջ ապաստան գտած քրիսոտոնեաներուն թիւը յառաջիկայ օրերուն չորս հազարի կը հասնի։
Քրիստոնեայ գաղթականներու մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են եւ ապաստան գտած են Յորդանանին մէջ՝ Լատին, Յոյն եւ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն մէջ։
Մօտաւորապէս 2000 գաղթականներու խնամք ապահովուած է Յորդանանի Քարիթասի կողմէ, իսկ մնացեալը՝ միջազգային մարդասիրական հաստատութիւններու հոգատարութեան տակ են։
Գերապածառ Լահհամ մտահոգութիւն յայտնած է Ֆիտէսին ըսելով թէ քրիստոնեայ գաղթականներու մեծամասնութիւնը չեն ուզեր վերադառնալ Իրաք եւ անոնցմէ շատերը Ամերիկիան եւ Աւսդրիական դեսպանատուն կը դիմեն վիզա խնդրելու համար ։ Այս ծիրէն ներս Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան փոխանորդը , վերոյիշեալ դեսպաններուն առնելիք որոշումը դժուար նկատած է, որովհետեւ անոնք կրնան ծանր կերպով պատճառ դառնալ Քրիստոնեաներու թիւի նուազեցումին միջին արեւելքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.