2014-10-18 11:20:29

Զ. Կիրակի զկնի Խաչի (Ղուկ. Դ. 14-24)


Երախտագէտ ըլլանք ո՛չ ապերախտ...
Յիսուս Գալիլիայէն Նազարէթ` իր ծննդավայրը կու գայ. ժողովարան կը մտնէ իր սովորութեան համաձայն, եւ կը սկսի Սուրբ Գիրքը կարդալ, որովհետեւ ամէն չափահաս հրեայ, ժողովարանի պետի հրամանով, կրնար Սուրբ Գիրքը` Թորան կարդալ ժողովարանին մէջ ու զայն մեկնաբել: Իրեն կը տրուի օրուայ ընթերցումը` առնուած Եսայի մարգարէի գիրքէն ուր գրուած էր. «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց` քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն... եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին»: Տիրոջ շնորհքի տարին` Հրեաներու յոբելինական տարին էր, որ կը տօնուէր յիսուն տարի անգամ մը: Այս տարուոյն ընթացքին, պարտքերը կը ջնջուին եւ ստրուկներուն ազատութիւն կը տրուէր:
Երբ աւարտեց ընթերցումը սկսաւ անոնց մեկնաբանել վերոյիշեալ խօսքը ըսելով. «Այսօր, այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք` իրականացաւ»: Քրիստոսի այս խօսքը ներկաներուն վրայ կայծակի նման իջաւ: Անոնք կը հիանային իր օծուն խօսքերուն վրայ, որով զարմացած կ՛ըսէին. «Միթէ ասիկա Յովսէփի որդին չէ՞»: Ողորմելի մարդուն: Ինչպէ՞ս կարելի է որ ան Մեսիան ըլլայ: Հոս է որ Յիսուս իրենց կը պատասխանէ ըսելով. «Չկայ մարգարէ մը, որ ի հայրենիքին մէջ ընդունելի ըլլայ:
Մարգարէ ըլլալը մեծ առաքելութիւն մըն է, որովհետեւ ան կը խօսի յանուն Աստուծոյ, եւ ժողովուրդին կը հաղորդէ Աստուծոյ կամքը, մէկ խօսքով` Աստուծոյ պատգամաբերն է: Ընդհանրապէս ժողովուրդները գէթ սկիզբը մեծ յարգանքով եւ ակնածանքով կը վերաբերին անոնց հետ, բայց առհասարակ անոնք ոչ միայն լաւ ընդունուած չեն, այլ նաեւ հալածուած են իրենց հայրենիքին մէջ. այս է ընդհանրապէս մարգարէներուն ճակատագիրը:
Յիսուս օրինակը կը մէջբերէ Եղիային եւ Եղիսէին, որոնք իրենց հայրենիքին մէջ արհամարուած էին, եւ ան ինքզինք կը նոյնացնէ անոնց հետ:
Այսպիսի վերաբերմունք մը նաեւ հրեաները ցոյց տուին Աստուածային Վարդապետին հանդէպ: Նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր հոգեւորական յաճախ ենթարկուած է անտարբերութեան, անհասկացողութեան եւ հակառակութեան, այնքան չէ ուրիշներէն որքան իրեննէրէն, ազգականներէն եւ բարեկամներէն: Մենք եկեղեցականներս լաւ գիտենք, որ ապերախտ երկիրներ կան, որոնք մշակուելով եւ ողողուելով հանդերձ` շատ ատեն փուշ եւ տատասկ միայն կը բերեն: Միայն ձաւ կը պատճառեն: Եթէ եկեղեցական մը ընդունելի չէ, կամ չի յաջողիր որոշ առաքելութեան մը մէջ, առաւել եւս կրնայ անընդունելի ըլլալ իր միջավայրին մէջ, ուր մեծցած է: «Ասիկա Յովհաննէսի չէ՞, ինչպէ՞ս քահանայ ձեռնադրուած է: Իր մանկութիւնը աչքի բիբի պէս յստակ է. իր ամբողջ մանկութիւնը բողոցները անցուցած է իրեն նման բողոցային երիտասարդներու հետ»: Կամ ալ. «Հայր Ներսէսը չէ՞ ասիկա. ամէն մարդ գիտէ իր ծոյլ եւ չար ըլլալը». ի՞նչ հիման վրայ վարդապետ ձեռնադրած են զինք»:
Ահաւասիկ հրապարակային տարածուած կարծիքներ ու խօսքեր, որոնք իրապէս կը փաստեն որ հոգեւորական մը, որքան ալ հանճարեղ ըլլայ, սրբակեաց ըլլայ, միշտ ու միշտ «նշան հակառակութեան» կրնայ ըլլալ իր հայրենակիցներէն, իր բարեկամներէն, եւ յաճախ իր ազգականներուն կողմէ:
Արդ այսօրուայ աւետարանին խօսքերը, անգամ մը եւս կու գան մեզի մխիթարութիւն եւ ուժ ներշնջելու: Եթէ Քրիստոսին հակառակեցան հրեաները եւ զայն մինչեւ խաչ հանեցին, որքան եւս մենք ենթարկուած ենք հակառակութեան, եւ չարախօսութեան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մտքին մէջ ունենալու է հետեւեալը. թէ բոլորս ուղղամտութեամբ կատարելու ենք մեզի յանձնուած առաքելութիւնը` մնացածը Աստուծոյ նախախնամութեան ձգենք: Առաքելութեան մը յաջողութիւնը կախում չունի մեր ուժերէն, մեր իմաստութենէ ու հանճարեղութենէն, այլ կախում ունի միայն ու միայն Աստուծոյ շնորհքէն: Մենք գործենք եւ մնացածը թողունք Աստուծոյ: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.