2014-10-17 13:36:13

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 17 հոկտեմբերի քարոզը
՝՝Երկինքը որպէս կանխավճար Յաւիտենականութեան՝՝


(Ռ.Վ. 17 հոկտեմբեր 2014) Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, Աստուած Քրիստոնեաներուն պարգեւեց երկինքը՝ որպէս կանխավճար Յաւիտենական կեանքին ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի. ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի նիւթը։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներու ուղղուած թուղթէն ուր՝ Առաքեալը Եփեսացի քրիստոնեաներու կը յայտնէ, թէ՝ անոնք ստացան կնիքը Սուրբ Հոգիին` Աւետարանին հաւատալուն համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ, թէ սոյն պարգեւով Աստուած ոչ միայն մեզ ընտրած է այլ շնորհած է մեզի կեանքի վարուելակերպ մը՝ յատուկ ինքնութիւն զոր ստացանք սուրբ Մկրտութեամբ։ Յիսուսէ Խոստացուած Սուրբ Հոգին ոչ միայն մեր Ինքնութիւնն է այլ նաեւ Յաւիտենական Կեանքի կանխավճար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ Սուրբ Հոգիին ինքնութեան համաձայն ապրուած քրիստոնեայ կեանք մը կը շնորհէ թանկագին պարգեւներ՝ Սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ հաւատարմութիւն։
Քարոզը Եզրափակելով Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ դէպի երկինք մեր ուղեւորութիւնը կը սկսի այս երկրէն, որովհետեւ ունինք քրիստոնեայ ինքնութիւն եւ դրոշմուած ենք Սուրբ Հոգիէն։
Խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը՝ ուշադրութիւն ընելու դրոշմին եւ քրիստոնեայ ինքնութեան, որ ոչ թէ միայն խոստում է, այլեւ մեր ձեռքերուն մէջ է որպէս կանխավճար։







All the contents on this site are copyrighted ©.