2014-10-17 13:43:38

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 17 հոկտեմբերի գործունէութիւնը


(Ռ.Վ. 17 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 17 հոկտեմբերի, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մետրոպոլիտ Հիլարիոն Վոլոքոլասմքը՝ Ռուսիոյ պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքին նախագահ։ Ապա, ժամը 11,00 ին, ընդունեց Եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահ` Կարտինալ Մարք Ուէլլէն։Հուսկ ժամը 12,00 ին յաջորդաբար ընդունեց, Քաղտէացիներու Պատրիարք` Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Լուիս Սաքոն եւ Սուրբերու դատի ժողովի երբեմնի կառավարիչ՝ Կարդինալ Խօսէ Սարաիվա Մարթինսը։
Յետմիջօրէին ժամը 3,00-ին, նախ քան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր նիստին մասնակցիլը, Ֆրանչիսկոս Պապը` Պօղոս Զ անուան դահլիճին գովընտի գրասենեակի մը մէջ կ՝ընդունի Քորէայի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիկին Փարք Կէուն Հայը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Տրուած ըլլալով որ վերջերս Քահանայապետը այցելած էր Քորէան, փրոթոքոլլային տուեալներու համաձայն հանդիպման ընթացքին նուէրէներու փոխանակումը նախատեսուած չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.