2014-10-17 08:53:29

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Մոնթինի Քահանայապետի երանացումին նուիրուած Իտալական կաթողիկէ համալսարաններու դաշնակցութեան արտակարգ գիտաժողովին առթիւ։


(Ռ.Վ. 17 հոկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի,16 հոկտեմբերին, Իտալիոյ Արէցցօ քաղաքին մէջ, սկիզբ առաւ Իտալական կաթողիկէ համալսարաններու դաշնակցութեան արտակարգ գիտաժողովը` հայող Մոնթինի (Պօղոս Զ) Քահանայապետի երանացման։
Գիտաժողովը որ պիտի տեւէ մինչեւ 18 հոկտեմբեր ունի որպէս նիւթ '' Հոգւով եւ ճշմարտութեամբ. Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինիի վկայութիւնը համալսարանի եւ ժամանակակից մշակոյթին մէջ''։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց վերոնշեալ դաշնակցութեան երիտասարդ համալսարանականներուն որուն մէջ շեշտը դրաւ երեք բառերու վրայ` ''ուսմունք, որոնում եւ սահման''։ Գիտաժողովին առթիւ պատգամ մը ուղղեց նաեւ Իտալիոյ նախագահ` Ճորճօ Նափոլիթանոն։ Երկու պատգամներու ընթերցանութիւնը կատարուեցաւ համաժողովի բացումին` Հինգշաբթի 16 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5-ին։
Իր ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց համալսարանական կեանքի հիմնականին` որ է ուսմունքը, ձգտելու համար ճշմարտութեան, բարիին ու գեղեցիկին – ըսաւ Ան նշելով թէ ''Ուսմունքը իսկական կոչում մըն է որ կը պահանջէ որոնում եւ եղբայրական բաժնեկցութիւն''։ Որոնումը միշտ կը հարցադրէ ու կը դառնայ հանդիպում խորհուրդին հետ, բացուելով հաւատքին։ Որոնումը կարելի կը դարձնէ հանդիպումը ընդմէջ հաւատքի, բանականութեան եւ գիտութեան եւ առիթ կ՛ընծայէ անոնց միջեւ ներդաշնակ երկխօսութիւն մը հաստատելու։
Մինչ երրորդ բառը ''Սահման'' է գրեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ ''համալսարանը սահմանագիծ մըն է որ ձեզ կը սպասէ, արուարձան մը ուր ընկալել եւ խնամել մարդու գոյութենական աղքատութիւնը''։ Ջանացէք միշտ ուշադիր ըլլալ ուրիշի հետ հանդիպումին։ Պատնէշներ մի կառուցէք, պաշտպանելու համար սահմանագիծը, զանց ընելով Տիրոջ հետ հանդիպումը։ Ժամանակակից թուային աշխարհի հաղորդակցութեան մէջ ձեր հասակակիցները շատ անգամ կ՛ապրին առանձնութեան փորձառութիւնը, յոյսի պակասը եւ անձնական կարողութիւններու վրայ անվստահութիւնը։ Յոյս ներշնչեցէք ու ձեր գործունէութիւնը բաց ահեցէք ուրիշներուն անոնց հետ զայն բաժնեկցելով ։ Այսօրուայ մշակոյթին մէջ կարիքը ունինք բոլորին մօտիկ ըլլալու։ Ժողովուրդներու միջեւ բախումները կարելի է յաղթահարել միայն այն ատեն երբ կարենաք զարգացնել հանդիպումի եւ եղբայրութեան մշակոյթը։ Շարունակեցէք համալսարաններուն մէջ տանիլ Աւետարանը եւ Եկեղեցւոյ մշակոյթը յորդորեց ապա Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց Երանելի Պօղոս Զ հոգատարութեան յանձնելով ժողովականները ու անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրենց համար եւ անոնց վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.