2014-10-17 09:21:05

Սպիտակ տունը պիտի ցուցադրէ Հայ որբերու գորգը


«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը գրէ, որ Սպիտակ տունը չորեքշաբթի օր հաստատած է նախապէս տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած պատմական գորգը ցուցադրման քանի մը ձախողած փորձերէ ետք նոյեմբերին պիտի ցուցադրուի Սպիտակ տան այցելուներու կեդրոնին մէջ:
Նախապէս Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին մօտ կանգնած աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Քոնկրեսի եւ ամերիկահայ համայնքին կողմէ ամիսներ տեւած ճնշումներէ ետք Սպիտակ տունը կը պատրաստուի ցուցադրել հայ որբերու գորգը:
11,7×18,5 չափերով գորգը կը պարունակէ աւելի քան 4000000 ձեռագործ հանգոյցներ, որոնք 10 ամսուան մէջ գործած են Լիբանանի Ղազիրի որբանոցի հայ աղջիկները: Գորգը նուիրուած է նախագահ Քելվին Քուլիճին` 1920-ական թուականներուն, ի նշան Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութեան նկատմամբ հայերու երախտագիտութեան, ինչ որ փաստուած է նաեւ լուսանկարով: Քուլիճ ընդգծած է. «Գորգը իր պատուաւոր տեղը ունի Սպիտակ տան մէջ, ուր անիկա պիտի խորհրդանշէ բարի կամքի ամէնօրեայ դրսեւորումը երկրի վրայ»:
Ցուցադրութեան մասին յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Պեռնատեթ Միհըն ըսած է. «Գորգը Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններուն մասին կը յիշեցնէ»:
2013-ին Սպիտակ տունը արգելակած էր Սմիթսոնեան հիմնարկին մէջ գորգը ցուցադրելու նախագիծը: Ամերիկահայ ղեկավարներ եւ շարք մը ծերակուտականներ առարկած էին այդ որոշումին` ըսելով, որ Սպիտակ տունը կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ կառավարութեան քաղաքական ճնշումներուն:
«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, որ ամերիկահայ համայնքը ողջունած է գորգը ցուցադրելու որոշումը:
«Ես յուզուած եմ, որ անիկա շուտով ցուցադրութեան պիտի դրուի», ըսած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ պնդել Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման հարցին վրայ` յատկապէս ցեղասպանութեան 100-ամեակի լոյսին տակ:







All the contents on this site are copyrighted ©.