2014-10-17 13:30:42

Պօղոս Զ Քահանայապետին աճիւնները պիտի չփոխադրուին Ս. Պետրոս տաճար։


(Ռ.Վ. 17 հոկտեմբեր 2014)Հակառակ աւանդութեան, Պօղոս Զ Քահանայապետին աճիւնները, յետ երանացման, պիտի չփոխադրուին Ս. Պետրոսի տաճարը, այլ պիտի մնան Վատիկանեան Պազիլիքայի ընդերկրեայ դամբարանին ներքոյ ու Անոր գերեզմանին վրայ պիտի աւելցուի պարզապէս ''երանելի'' գրութիւնը։
Նշենք որ Պօղոս Զ-ի աճիւններուն չփոխադրելու որոշումը, համապատասխանն է անոր կամքին, երբ 1965-ին, իր կտակին մէջ Ան խնդրած է որ իր մարմինը դրուի ճշմարիտ հողին մէջ, ամենապարզ կերպով, մերժելով շիրիմն ու կոթողը եւ պահանջելով պարզ յուղարկաւորութիւն ու աղօթք։
Աւանդաբար սակայն երանելի հռչակուած Պապերը ս. Պետրոսի պազիլիքայի դամբարանէն կը տեղափոխուին Պազիլիքա` հաւատացեալներու մեծարանքի արժանանալու համար։ Այսպէս եղաւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին համար, երբ 2001-ին, երանացումէն մի քանի ամիս ետք Անոր մարմինը փոխադրուեցաւ Ս. Պետրոսի Պազելիքայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.