2014-10-17 09:17:53

Աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու միջազգային օր։


17 հոկտեմբերին կը նշուի աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու միջազգային օրը։

(Ռ.Վ. 17 հոկտեմբեր 2014) Ամբողջ աշխարհի մէջ, նոյնիսկ հարուստ երկիրներու պարագային, չլուծուող հարցերէն մէկն է աղքատութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ չկայ երկիր, յատկապէս ներկայ տնտեսական տագնապի ժամանակներուն, ուր մուրացկաններ չգտնուին:
Մուրացկանները անպայման միատեսակ կերպարով ու միօրինակ կերպով չեն մօտենար հանրութեան: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ազնուական միջոցներ որդեգրած են անցորդներէն դրամ մուրալով իրենց օրապահիկը վաստկելու:
Յատկապէս Արեւելեան, կամ երրորդ աշխարհեան երկիրներու փողոցներուն վրայ ցաւալի է անշուշտ տեսնել մանկամարդ աղջիկներ ու անչափահաս փոքր տղաք, որոնք իրենց կանուխ տարիքէն այս «ասպարէզ»ին անդամագրուած կ՛ըլլան, արհեստավարժ պաշտօնեաները դառնալով փողոցին, ուր ամէն տեսակի թուք ու մուր կը քսուի իրենց մատղաշ դէմքի փափուկ մորթին:
Հակառակ յառաջդիմող աշխարհին, ու մարդուն կողմէ կատարուող գիտական մեծ նուաճումներուն, մարդկութեան ճակատին կնքուած մնայուն խարան ու աղուեսադրոշմ պիտի մնայ ընկերութեան կեանքին այս տխուր երեւոյթը՝ աղքատութիւնը, ընկերային կեանքի անհաւասարութեան հետեւանքով:
Հարստութեան ու աղքատութեան ստեղծած երկպառակութիւնը համայն աշխարհի մէջ, պարզապէս խորհրդանշական պատկերը կրնայ հանդիսանալ հոգեկան հարստութեան եւ աղքատութեան գաղափարին:
Հոգեպէս հարուստ մարդիկ անպայման երջանիկ չեն ըլլար: Կրնան զանազան առաքինութիւններ ունենալ, որոնք իրենց բարոյական կեանքը բարձր դիրքի վրայ կը դնեն, սակայն ատիկա պայման չէ՛ որ անոնք խաղաղ հոգիի տէր ըլլան: Օրինակ, հոգեպէս հարուստ է այն մարդը, որ իսկապէս բարեգործ է, ու օգտակար կը հանդիսանայ իրմէ աւելի դժբախտ մարդոց: Բայց իր այդ արարքը եթէ մէկ կողմէ բաւարարութիւն կու տայ իր հոգիին, միւս կողմէ կարողութիւն չունի անպայման իր միտքը խաղաղեցնելու զինք տանջող այլեւայլ մտահոգութիւններէ:
Հոգեպէս հարուստ մարդն ալ պէտք ունի մեծագոյն հարստութեան՝ յոյսին, խաղաղեցնելու համար իր հոգին: Յոյսն է մեծագոյն հարստութիւնը մարդուն, որ նոյնիսկ կրնայ անձնասպանութեան դիմող անձին ձեռքերն ու ոտքերը կապել եւ արգելք հանդիսանալ անոր, որ ետ կենայ իր ոչ Աստուածահաճոյ արարքը գործելու մտադրութենէն: Յոյսի հարստութենէն զուրկ մարդն է իսկական աղքատը: Հացի ու ջուրի անօթութենէն ու պապակէն աւելի մեծ անօթութիւն կարելի է նկատել յոյսի քաղցն ու ծարաւը:
Յոյսը կեանք է: Մեծագոյն աղքատութիւնը, հետեւաբար, դրամի պակասութիւնը չէ, ո՛չ ալ այլ ինչքերու ու հարստութեանց: Մարդկային կեանքի մեծագոյն աղքատութիւնը յոյսի՛ պակասն է, առանց որուն չկայ կեանք, չկայ մարդ, չկայ մտքի շարժում:







All the contents on this site are copyrighted ©.