2014-10-16 08:45:29

Խօսէ ինծի Հայ եկեղեցիի մասին


Ի՞նչ է դիցաբանութիւնը

Ընդհանուր տեսութիւն
Դիցաբանութիւնը հեթանոս ժողովուրդներուն պաշտած չաստուածներուն մասին խօսող գիտութիւնն է: Այս չաստուածներուն ծագումին իբր սկիզբ ծառայեցին բնութիւնն ու պատմութիւնը:
Բնութիւն- Դիցաբանութեան ծնունդ տուող մեկնակէտերէն մին է բնութիւնը: Երբ բնութիւն կ'ըսենք, կը հասկնանք օդը, ջուրը, հողը նաեւ աստղերը, արեւն ու լուսինը: Եւ քանի որ մարդը այս երեւոյթներուն գիտական բացատրութիւնները չունէր, ուստի ինքզինքն ու իր աշխարհը առաւ իբր չափանիշ ու բնութեան օրէնքներն ու երեւոյթները մեկնաբա-նեց իր մարդկային հոգեբանութեան համեմատ: Բնութենէն ծագած դիցա-բանութեան նմոյշ է, մեր մօտ, Վահագն չաստուծոյ ծնունդը.- «Երկնէր եր-կինք եւ երկիր...»:
Ժողովուրդները որոնք իրենց դիցաբանութիւնը մշակած են բնու-թենէն մեկնելով, երկու գլխաւոր խումբերու կը բաժնուին. Լուսնային ժո-ղովուրդներու, որոնք հողամշակումով ապրող ցեղեր են, եւ արեգակնային ժողովուրդներու, որոնք որսորդ ցեղեր են:
Պատմութիւն- Պատմութենէն ծագած դիցաբանութեան արմատը պատմական դէպք մը կամ անձնաւորութիւն մը եղած է, ինչպէս մեր պա-րագային` Հայկ ու Բելի առասպելը կրնայ արձագանք ըլլալ ցեղախումբի մը երկրէ երկիր տեղափոխումներուն: Մովսէս Խորենացին եւս այս պատմագիտական դպրոցին hետեւելով` Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամի կամ Հայկ եւ Բելի առասպելները պատմական դէպքերու եւ անձնաւորու-թիւններու վերածած է:
Պատմական դիցաբանութիւնը կրնայ ծագում առնել նաեւ մարդոց հերոսապատում հէքիաթներէն, անսահման երազներէն, ինչպէս` Հայոց Սասնայ Մհերը:
Կրօններու համեմատական իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին, գիտնականները նկատած են թէ բոլոր ազգերը անխտիր ունեցած են եւ ունին չաստուծոյ մը պաշտամունքը եւ անոնց շուրջ հիւսուած դիցաբա-նութիւն մը:

(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.