2014-10-15 08:48:14

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց Քոպանիի մէջ ջարդի մը կանխարգիլման անմիջական քայլեր որդեգրելու:


Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, դաշնակից ուժերու ռազմական օդանաւեր հարուածած են Քոպանիի (Արաբունար, Այն Արապ) շուրջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան շարք մը դիրքերն ու հրասայլերը:
Քաղաքէն հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այս ռմբակոծումներուն շնորհիւ, քրտական ուժերը կրցած են վերագրաւել Քոպանիի կից գտնուող եւ ռազմագիտական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բլուր մը, որուն վրայ իսլամ ծայրայեղականները բարձրացուցած էին իրենց դրօշակը։
Քաղաքին մէջ բախումները կը շարուկանուին քրտական եւ իսլամ ծայրայեղականներու ուժերուն միջեւ։ Վերջիններս կրցած են գրաւել քաղաքին մէկ երրորդը՝ գաղթականներու նոր ալիք մը պատճառելով։ Մօտաւորապէս 6000 գաղթականներ, վերջին քանի մը օրերուն հիւսիսային Իրաք ապաստանած են, մինչ Թուրքիա ապաստանած մօտաւորապէս 200 քիւրտ գաղթականներ արգելափակուած են անյայտ պատճառներով։
Երեքշաբթի օր անոնց արգելափակման դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է սահմանային Սուրուչ քաղաքին մէջ, իսկ արգելափակուածներէն քանի մը տասնեակը հացադուլի դիմած է, բողոքելու համար իրենց ձերբակալման դէմ։
Նշենք, որ անցած շաբաթավերջին, ծայրայեղականները մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր ղրկած են Քոպանի՝ փորձելով քաղաքը պաշտպանող քիւրտերուն հետ ճակատամարտը վճռել: Կը հաղորդուի նաեւ, որ քիւրտերու հետ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է ծայրայեղականներու մարտական ղեկավարներէն Ապու Մուհամմատ Ամերիքին, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց Քոպանիի մէջ ջարդի մը կանխարգիլման անմիջական քայլեր որդեգրելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.