2014-10-15 09:00:20

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կրակի ա՛յս տեսակը
Աշխարհի լեզուները իրենց զանազանութեամբ, հիմքը դրած են տարբեր լեզուամտածողութիւններու, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կը վերանորոգուին: Այսօրուան լեզուամտածողութիւնը վաղը կրնայ անհասկնալի դառնալ: Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը տարբեր ժամանակներուն իրականացուած Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններն են: Լաւ հասկնալի դարձնելու համար, օրուան մարդուն հասկնալի լեզուով պէտք է մատուցել զանիկա:
Ժամանակի ընթացքին լեզուամտածողութեան հետ, նաեւ մարդոց մտածելակերպը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Նոյնիսկ որոշ բառեր իմաստային տարբեր գունաւորում կը ստանան: Իսկ օրէնքները, որոնք մարդոց համար կը սահմանուին, անպայման պէտք է ժամանակին յարմարին: Կենցաղային պայմաններու կրած փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ պարագաներ կը ստիպեն, որ ամէն բանէ առաջ օրէնքները յարմարին օրուան մարդուն կեանքին:
Անցեալի պատմութեան ժամանակաշրջանին, մարդ իր բերանացի խօսքը հաստատելու եւ վաւերացնելու համար պէտք ունէր աննիւթեղէն կնիքի կամ իր խօսքը հեղինակաւոր դարձնող ոչ նիւթական դրոշմի, որն էր երդումը: Սա այն բառերէն է, որ իր իմաստային արժէքին մէջ փոփոխութիւն կրած է: Երդումը կրօնական առումով եւս իր տարբեր կշիռները ունեցած է անցեալին, իսկ այժմ դատավարական պաշտօնական իր շրջագիծէն դուրս, սովորական նախադասութիւններ իրարմէ բաժնող ստորակէտի վերածուած է գրեթէ:
ԶԱստուած վկայակոչող, իր զաւակին գլխուն եւ արեւին՝ կեանքին վրայ երդուող, իր մկրտութեան սուրբ միւռոնը եւս երդումի նիւթ դարձնող ու իր հօրն ու մօրը գլխուն անգամ երդուող մարդիկ, վստահաբար ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը տալու պատրաստ են:
Յիսուս երդնուլը արգիլեց (Հմմտ Մտ 5.36), իմանալով մարդոց կողմէ ատոր շահագործումը, որուն հետեւանքով ընկերային կեանքի մէջ ահաւոր աւերներ կը գործուէին: Այն, ինչը վեր է մեր մարդկային կարողութենէն, զայն պատանդ չենք կրնար բռնել, երդուելով անոր անունով: Օրինակ, ամէնէն աւելի մեծ մեղանչում կարելի է համարել Աստուծոյ անունով երդնուլը, որովհետեւ զԱյն երբեք չե՛նք կրնար պատանդ վերցնել, ո՛չ ալ մեր կամքին ենթարկել: Ամենազօր Աստուծոյ անունով երդնուլը, հետեւաբար, անընդունելի է նաեւ մեզ երդուեցնողին կողմէ: Երբ դրամատան մէջ գումար չունիս, ո՞վ կ՛ընդունի այն դրամատոմսը զոր կը ներկայացնես վաճառականին: Իսկ զաւակներդ, որոնց գլխուն վրայ կ՛երդնուս, դարձեալ քեզի չեն պատկանիր: Անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են, եւ փաստօրէն Ան կրնայ քեզ անոնցմէ զրկել Իր ուզած որեւէ պահուն: Վերջապէս, այն միւռոնը, որով քեզ դրոշմած են, դարձեալ աստուածային շնորհքներու բաշխումը կը խորհրդանշէ, որ քու իրաւասութեան սահմաններէդ դուրս է…
Երդնուլը ուրեմն, դատապարտութեան պատճառ կրնայ հանդիսանալ մարդուն համար:
Լաւագոյնն է անկէ հեռու մնալ:
Ինչո՞ւ երդնուլ, երբ խօսքի յստակութեամբ կարելի է մեր վկայութիւնը տալ այս կամ այն անձին ու դէպքին մասին:
Սակայն կայ աւելին՝ սո՛ւտ երդումը, որ ինքնին կրակ է:
Եթէ սովորական իմաստով երդնուլը մարդու սեփական դատապարտութեան պատճառ կը հանդիսանայ, ապա սո՛ւտ երդումը, ուրիշին կեանքը կրակի կու տայ: Ասիկա այնպիսի կրակ է, որուն բոցը մինչեւ երկինք կը հասնի: Սակայն զարմանալիօրէն, Աստուած ուղղակի միջամտութիւն չի՛ կատարեր, ինչքան ալ սուտ երդում տուողը նոյն պահուն կրկնակի՛ երդնու ըսելով, թէ «եթէ սուտ խօսիմ, թող Աստուած այս վայրկեանին հարուածէ զիս»: Այդ պատիժը կ՛ուշանայ սակայն, եւ անիրաւուածը շղթայակապ կը նետուի զնտան, իսկ անիրաւողը իր սուտ վկային հետ միասին ուրախ-զուարթ կը վերադառնայ իր կեանքին:
Սուտը, երդումը ու յատկապէս ՜՜սուտ երդումը՝՝ կրակի կը նմանին, հեռու կենանք ՜՜Կրակի այս տեսակէն՝՝, նոյնիսկ եթէ աշխարհի ամէնէն երկար ունելին տրամադրեն մեզի:








All the contents on this site are copyrighted ©.