2014-10-14 08:41:21

Պատմութիւնը մեր ուսերուն վրայ կը դնէ պարտաւորութիւնը միասնաբար ապրեու, որովհետեւ միջին արեւելքը մեր կրօններու ծննդավայրն է։


Շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, 2014-ի առաւօտուն, Լիբանանի Պգնայա շրջանի
Սայիտէդ Ալ Պիր վանքին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Քրիստոնէութեան եւ
Իսլամութեան Դերը՝ Համագոյակցութեան Ամրապնդման Մէջ» խորագրով գիրքին, որ լոյս տեսած էր քրիստոնեայ եւ իսլամ զանազան համայնքներու եւ Adyan ընկերակցութեան գործակցութեամբ:
Սոյն ձեռնարկին, յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը
բերաւ եւ խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելէ ետք կատարուած աշխատանքը, ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին խօսքը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտած էր, թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ դարեր շարունակ համագոյակցած են: Տարածաշրջանէն ներս ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ, մեզմէ իւրաքանչիւրը առաւել եւս պատասխանատուութեան պէտք է հրաւիրուի՝ այդ համագոյակցութիւնը ամրապնդելու համար: Պատմութիւնը մեր ուսերուն վրայ կը դնէ պարտաւորութիւնը միասնաբար ապրելու, որովհետեւ Միջին Արեւելքը մեր կրօններուն ծննդավայրն է: Համայնքներու ինքնութիւնը՝ ցեղային եւ կրօնական պատկանելիութիւնը, կրնայ իր դրական կամ ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ: Այդ իսկ պատճառով, իբր հոգեւոր առաջնորդներ՝ մենք պարտաւոր ենք ճիշդ ճանապարհով առաջնորդելու մեզի հետեւողները:
Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կը շեշտէր, թէ Լիբանանը
համագոյակցութեան լաւագոյն օրինակն է, ուր բոլոր համայնքներու զաւակները բարի
դրացնութեան մէջ կ’ապրին իրենց լիբանանցի քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ:
Շնորհահանդէսի ընթացքին նաեւ խօսքեր առին քրիստոնեայ եւ իսլամ
կրօնապետներու ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն ալ շնորհաւորեցին ու քաջալերեցինտարուած աշխատանքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.