2014-10-14 09:08:55

Պատկերազարդ ցուցահանդէս մը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա այցելութեան մասին։


(Ռ.Վ. 14 հոկտեմբեր 2014) Սէուլի առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ, Սէուլի մէջ տեղի կ'ունենայ Պատկերազարդ մեծ ցուցահանդէս մը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, 5 օրուայ Քորէա կատարած այցելութեան առթիւ անցեալ օգոստոս 2014-ին։
Ցուցահանդէսին բնաբանն է. ''ոտքի ել' ու ճառագայթէ''։ Ցուցահանդէսը կը ներփակէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը, գործածած իրերը ու ստացած եւ տուած նուէրները։ Ցուցահանդէսին նպատակն է ողջ պահել ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 5 օրերու կեցութեան յիշատակը ու անոր հաղորդած պատգամը. ''հաշտութիւն ու ներում բոլորին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.