2014-10-14 08:25:01

Երեւան Նշեց Իր Հիմնադրութեան 2796-ամեակը


Կիրակի, 12 հոկտեմբերին «Էրեբունի-Երեւան 2796» տօնակատարութեան ձեռնարկներու շարքին Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութենէն ետք քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան տօնական շքերթի շուրջ 25 հազար մասնակիցներու ընկերակցութեամբ հանդիսաւոր քայլերթով ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Շքերթին իրենց կատարումներով հանդէս եկան պարային եւ մարզամշակութային խումբեր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ընկերակցութեամբ ներկայ էր մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտայի` Նալպանտեան-Հանրապետութեան փողոցներուն միջեւ գտնուող այգիի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:
Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ ներկայ էր նորվեկիացի Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան թանգարանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի յուշահամալիրի բացման արարողութեան: Յուշահամալիրը կը ներառէ հայ ժողովուրդի պատմութեան հերոսական եւ ողբերգական էջերէն, անուանի հայորդիներուն եւ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն նուիրուած շուրջ 30 յուշարձան եւ խաչքար:
Այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի յարակից տարածքը` դիտելու «Երեք ժամանակներ» լուսանկարչական տաղաւարները, Ազատութեան հրապարակին մէջ` «Երեւանեան շուրջպար» ազգային պարերը, Հիւսիսային պողոտային մէջ` զրուցելու տօնը նշող երեւանցիներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.