2014-10-13 12:37:18

Եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսի ''Բանավէճէն ետք տեղեկագիրի'' ներկայացում։


(Ռ.Վ. 13 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2014ին, երկու օր դադարէ ետք, դարձեալ սկիզբ առին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքները նուիրուած` ''Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս, Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրներուն''։
Աշխատանքային առաջին շաբթուայ նիստերու ընթացքին, սիւնհոդոսական հայրերը, զեկոյցներ եւ միջամտութիւններ ունեցան հետեւեալ նիւթերու մասին. ''Աստուծոյ ծրագիրը սուրբ պսակի եւ ընտանիքի նկատմամբ։ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի մասին վարդապետութիւնը։ Ընտանիքի աւետարանը եւ բնական օրէնքը։ Ընտանիքը եւ անհատի կոչումը Քրիստոսի մէջ։ Ընտանիքներու հովուական խնամատարութիւնը եւ ներկայացուած առաջարկները։ Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները։ Հովուական դժուար պարագաները։ Կեանքի ի նպաստ հովուական մարտահրաւէրները եւ Եկեղեցին ու Ընտանիքը դաստիարակութեան մարտահրաւէրին դէմ յանդիման''։
Առաջին շաբթուայ աշխատանքները եզրափակուեցան քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներու զեկուցումներով եւ սիւնհոդոսական հայրերու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ընտանիքներուն ուղղուած քաջալերանքի եւ մօտիկութեան ուղերձով, որուն մէջ անոնք դատապարտեցին անմեղ բնակչութեան դէմ գործադրուած արարքները հաստատելով թէ ''ոչ մէկը կրնայ Աստուծոյ անունը շահագործել բռնութիւններ բանեցնելու կամ սպաննելու համար''եւ թէ ''Աստուծոյ անունով սպաննելը ամենամեծ սրբապղծութիւնը կը նկատուի''։
Պատգամին աւարտին Եպիսկոպոսները հայցեցին Նազարէթի Ընտանիքէն, որ ապրեցաւ գաղթականութեան ցաւալի փորձառութիւնը, իւրաքանչիւր ընտանիքէն ստեղծէ՝ սիրոյ եւ համերաշխութեան հասարակութիւն մը եւ յոյսի աղբիւր մը բովանդակ աշխարհին համար։

Սիւնհոդոսական աշխատանքներու երկրորդ շաբաթը սկիզբ առաւ այսօր` 13 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Փիթէր Էրտոյի ''Ընդհանուր բանավէճէն ետք տեղեկագիրի'' ներկայացումով, որուն յաջորդեցին ազատ զեկույցներ, մինչ շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած միւս նիստերու ընթացքին տեղի կ՛ունենան ''լեզուական եւ նիւթերու բաժնուած աշխատանքային խումներու նիստերը''։
'' Բանավէճէն ետք տեղեկագիրը բաժնուած էր երեք գլուխներու` առաջինը նուիրուած` ''Ունկնդրութիւնը` բնակարգը եւ ընտանիքի մարտահրաւէրները'' նիւթին, երկրորդը ''Քրիստոսի վրայ սեւեռած նայուածքը'' իսկ երրորդ` ''համեմատութիւնը` հովուական մարտահրաւէրներ'' նիւթին, ուր քննարկուած են սիւնհոդոսի ընթացքին արծարծուած նիւթերն ու հարցերը։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը, մինչեւ այսօր ներկայ գտնուեցաւ սիւնհոդոսական աշխատանքային գրեթէ բոլոր նիստերուն եւ նոյնը ըրաւ նաեւ այսօր առաւօտեան տեղի ունեցած նիստին։
Նշենք թէ ''Սիւնհոդոսի տեղեկագիրի'' վերջնական ներկայացումը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ` 18 հոկտեմբեր 2014-ին, ապա Կիրակի, 19 հոկտեմբերին նախատեսուած է եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի հանդիսաւոր փակման արարողութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը երանելի պիտի հռչակէ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.