2014-10-13 09:43:54

Բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ 4000 տարուան գինիի տակառներ յայտնաբերուած են։


Rosblat.ru կայքը` յղում կատարելով «Քետեմ»-ին, կը հաղորդէ, որ բռնագրաւեալ Պաղեստինի հնագոյն Թել Քապրի քաղաքի աւերակներուն մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի մէջ ամէնէն հին գինիի մառաններէն մէկը:
Պրոնզէ դարաշրջանի խոր նկուղին մէջ հնագէտները յայտնաբերած են քառասուն կաւէ տակառներ, որոնց մէջ ժամանակին ազնուական խմիչք պահուած է:
Ցաւօք, բոլոր տակառներն ալ կոտրուած եղած են: Վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնց մէջ խաղողի քանի մը տեսակի համեմուած գինի պահուած է:
Համեմումի նպատակով օգտագործուած են քանի մը տեսակի բաղադրիչներ` մրտենի, անանուխ, տարչին, մեղր, գիհի եւ տարբեր խէժեր:
Յայտնաբերումը ունի կարեւոր գիտական նշանակութիւն, ըստ որուն, չորս հազար տարի առաջ մարդիկ ոչ միայն գինի պատրաստած են, այլ նաեւ անոնց տարբեր համեր հաղորդած են եւ արդիւնքը օգտագործած իբրեւ սպեղանի կամ ծիսական խմիչք:








All the contents on this site are copyrighted ©.