Սիւնհոդոսական հայրերը հալածուած քրիստոնեաներուն համար աղօթք կը կատարեն Հռոմի նահատակաց
սրբավայրին մէջ։
(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Կազմակերպութեամբ Սան Էճիտիօ հասարակութեան, կիրակի
12 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6.30- ին, Ս. Բարթողոմէոս առաքեալի նուիրուած պազիլիքային
մէջ, սիւնհոդոսական հայրերը աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած հալածուած քրիստոնեաներուն
համար։ Աղօթքը կը գլխաւորէ Վիեննայի առաջնորդը` կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորնը։ Սրբազան
արարողութեան ընթացքին մասնաւորապէս պիտի ոգեկոչուի յիշատակը ժամանակակից բազմաթիւ նահատակներու
եւ բոլոր այն քրիստոնեաներուն որոնք կը հալածուին ու կը հարստահարուին իրենց հաւատքին
համար` թէ Միջին Արեւելքի եւ թէ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։ Յայտնենք որ Բարթողոմէոս
առաքեալի նուիրուած նահատակաց սրբավայրին մէջ զետեղուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու
մասունքները, եւ թէ Պազիլիքան ժամանակին եղած է երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին
կարդինալական աթոռը։