2014-10-11 11:25:54

Սբ. Թարգմանիչ Վարդապետները


Սբ. Թարգմանիչ Վարդապետներու տօնը հայ ժողովուրդի ամենանուիրական և սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն է:
Հայ Եկեղեցին սուրբ թարգմանիչ վարդապետներու անուան ներքեւ կը տօնէ Մեսրոպ Մաշտոցի, Եղիշէ Պատմիչի, Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Կլայեցիի (Շնորհալի) պայծառ յիշատակը:
Ս. Թարգմանիչներն իրենց անսահման ջերմութեամբ և հաւատքի լոյսով ցրեցին տիրող խաւարն ու ջերմացուցին հայ մարդու հոգին: Անոնց շնորհիւ Աստուածաշունչ մատեանը հայերէն թարգմանուեցաւ, եւ հայը առաջին անգամ ըլլալով հնարաւորութիւն ստացաւ իր մայրենի լեզուով կարդալու Աստուծոյ կենդանի խօսքը: Սրբազան թարգմանիչներն իրենց լայն գործունէութեամբ նպաստեցին Հայոց աշխարհի հոգևոր-մշակութային զարթօնքին: Ս. Գրքի թարգմանութեան յաջորդեցին Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերու բազմաբնոյթ երկերու հայերէն թարգմանութիւնները, որոնցմէ շատեր այսօր, իրենց բնօրինակներու կորստեան պատճառով, բնագրի արժէք ստացեր են:
Ս. Գրիգոր Նարեկացի (951-1003) Բանաստեղծ, երաժիշտ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն: Անոր ամենէն յայտնի ստեղծագործութիւնն է «Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ աւելի հանրածանօթ է իբր «Նարեկ» աղօթագիրք:
Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը հրատարակուած է գրաբար, աշխարհաբար՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, եւ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու՝ ինչպէս ֆրանսերէն, անգլերէն, պարսկերէն, իտալերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն: Հետաքրքրական է նաեւ թէ նոյն այս գլուխ-գործոցի գրչագիր ընդօրինակութիւններէն մեզի հասած է 150-էն աւելի օրինակներ:
Ս. Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ(~475-~550) Հայ մեծ իմաստասէր, ծնած է Տարօնի Ներգին գիւղին մէջ: Իր ուսումը ստացած է Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հրապարակային փիլիսոփայական վէճերու մէջ իր յաղթանակներուն համար ստացած է Անյաղթ տիտղոսը: Ան հիմնադիրն է Հայաստանի մէջ տրամաբանական գիտութիւններու: Ան փիլիսոփայութեան տուած է բարոյագիտական ուղղութիւն: Դաւիթ Անյաղթի մեծագոյն գրական գործը «Սահմանք Իմաստասիրութեան» գործն է, որ մէկ հազարամեակ եղած է մեկնողական աշխատութիւններու առարկայ: Ան նաեւ ստեղծած է բազմաթիւ երգեր եկեղեցւոյ համար:
Ս. Մովսէս Քերթող Սիւնեցի (է. դար) Իր ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են: Եղած է Է. դարու երկրորդ կէսի աստուածաբան, թարգմանիչ, ծիսագէտ եւ երաժիշտ-տեսաբան:
Ս. Եղիշէ Պատմիչ (~ 410 - ~470) գրած է «Վարդանանց եւ հայոց պատերազմի մասին»,Հայ մեծ պատմիչ եւ աստուածաբան եւ կրտսեր աշակերտ Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի: 434-441 կ’ուսանի Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հայաստան վերադառնալէ ետք կը ծառայէ Վարդան Մամիկոնեանին որպէս զինուոր եւ դպրապետ: 450-451 Վարդանանց պատերազմին մասնակցելէ ետք կը լքէ զինուորական ասպարէզը, կը հեռանայ աշխարհական կեանքէն եւ կը դառնայ մենակեաց:
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) ստեղծած է Այբուբենը 405 թուականին: Ծնած է Տարօն քաղաքի Հացեկաց գիւղին մէջ, մօտաւորապէս 362 թուականին: Ան շատ լաւ գիտէր նաեւ յունարէն, պարսկերէն, ասորերէն, եւ վրացերէն: Ան արքունիքի ատենադպիր էր, ապա զինուորական ծառայութեան մտնելէ ետք 394 թուականին դարձած՝ վանական: Հայաստանի տարբեր շրջանները քարոզելով՝ Մաշտոց խորապէս գիտակցած է երկրին մէջ տիրող օտար ազդեցութիւններու հետեւանքով իր ժողովուրդին սպառնացող վտանգին՝ եւ վճռած է ստեղծել հայոց գիրերը: Այդ նպատակով Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ թագաւորի աջակցութեամբ ան ուղուած է Ասորիք: Բաւական նեղութիւններէ ետք 405 թուականին Մաշտոց վերադարձած է հայրենիք իր հետ բերելով իր ստեղծած 36 գիրերը: Անկէ ետք, Ս. Սահակ հայրապետին օգնած է Հայ դպրութեան տարածման: Բացած է դպրոցներ, եկեղեցական արարողութիւնները հայացնելու նպատակով կազմած է Պատարագամատոյց «Մաշտոցի եւ Ժամագրքի նախնական տարբերակները», սկսած է Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, գրած է քարոզներ: Վախճանած է 17 Փետրուար 440- ին Վաղարշապատի մէջ եւ թաղուած՝ Օշական գիւղին մէջ:
Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102 - 1173) Բանաստեղծ, երաժիշտ, ամենայն հայոց կաթողիկոս, Ներսէս Դ. Կլայեցի, կոչուած է «Շնորհալի» իր բացառիկ գիտութեան եւ առաքինի վարքին համապատասխան: Ան կրած է նաեւ բազմաթիւ այլ որակաւորումներ, որոնցմէ են «Երկրորդ լուսաւորիչ», «Եռամեծ վարդապետ», «Երանաշնորհ սուրբ», «Համահրեշտակ» եւայլն: Ներսէս Շնորհալիի հոգեւոր բանաստեղծութիւնները թիւով շատ են: Անոնցմէ ամենէնաւելի ծանօթ է «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, որ 24 տուներէ բաղկացած գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը կարելի է համարել: Այս տուներէն իւրաքանչիւրը կը վերագրուի օրուան 24 ժամերէն իւրաքանչիւրին: Ան պարզ ու նոյն ատեն խորաթափանց աղօթք մըն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.