2014-10-11 09:30:26

Հանրայայտ երաժիշտ եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործունէութեան դեսպան ՎարդանՄելքոնեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան


Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան այցելեց հանրայայտ երաժիշտ եւ խմբավար, ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործունէութեան դեսպան եւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպան պարոն Վարդան Մելքոնեան եւ տեսակցեցաւ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի հետ:
Պարոն Մելքոնեան ծանօթացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութեան եւ կրթական կեանքին, գոհունակութիւն արտայայտեց Լիբանանի հայ մանուկներու կրթութեան համար ստեղծուած բարենպաստ պայմաններուն համար:
Մեսրոպեանի տնօրէնին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին պարոն Մելքոնեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առիթով իր կողմէ իրականացուելիք շարք մը նախաձեռնութիւններու մասին, յոյս յայտնելով, որ միասնական ջանքերով կարելի դառնայ միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձնել Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչումը:
Վարդան Մելքոնեան ծնունդով լիբանանահայ է, մանկութեան հասակ առած է որբանոցի մէջ եւ ապա Անգլիա տեղափոխուելով, շնորհիւ յամառ աշխատանքի եւ ինքնակրթութեան, առաջատար դիրքեր նուաճած է Լոնտոնի երաժշտական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Միջազգային գետնի վրայ ան ծաւալած է բուռն գործունէութիւն՝ անտուն մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի
Տեղեկատուական գրասենեակ







All the contents on this site are copyrighted ©.