2014-10-11 08:59:37

Լիբանանի մօտ առաքելական դեսպանը Լիբանան ապրող փախստականներու իրավիճակը որակած է անհանդուրժելի։


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Լիբանանի մէջ խիստ լարուածութեան իրավիճակ մը կը տիրէ սուրիացի փախստականներու ներկայութեան հետեւանքով։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը` Պան Քի-մուն իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի լուր փախստականներու շարքին սպրդող ահաբեկիչներու ներկայութեան։ Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Լիբանանի քաղաքական կացութեան գծով ուր ամիսներէ ի վեր նախագահական աթոռը թափուր է եւ որուն հետեւանքով քաղաքական անիշխանութիւն մը կը տիրէ եւ օրէ օր սուրիացի փախստականներու կացութիւնը կը դառնայ աւելի դժուար ու աւելի բարդ։
Այդ ուղղութեամբ Լիբանանի մօտ Ս. Աթոռի առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Գաբրիէլէ Քաչչա պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ըսաւ. ''Լիբանանը կը տառապի Սուրիոյ անկայունութեան հետեւանքէն։ Անհամար փախստականներ Լիբանանու մէջ ապաստան գտան սակայն դժբախտաբար փախստականներու հետ մուտք ներգործած են ծայրայեղ մահմետականներ, երկրէն ներս ստեղծելով անապահով կացութիւն մը, որ օրէ օր վտանգաւոր կը դառնայ։ Հարկաւոր է միջազգային հասարակութեան նեցուկը ահաբեկիչները ապազինելու ու ձերբակալելու - ըսաւ առաքելական դեսպանը - ակնարկելով թէ հակառակ Լիբանանի քաղաքական ու ընկերային կացութեան վատթարացումին այս վերջին տարիներուն, Լիբանանը կը մնայ եզակի օրինակ մը` պատգամ մը ու ներշնչարան մը Միջին Արեւելքի բոլոր պետութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.