2014-10-11 09:57:08

Ե. Կիրակի զկնի խաչի Մարկ. ԺԲ. 35-44


RealAudioMP3 «Զգուշագէք դպիրներէն, որոնք կը սիրեն շրջիլ լայն հագուստներ հագած, ողջոյններ ընդունիլ հրապարակներու վրայ եւ առաջին տեղերը գրաւել ժողովարաններու եւ խնջոյքներու մէջ»:
Այսօրուայ աւետարանին մէջ, ՅԻՍՈՒՍ կը քննադատէ դպիրներուն արտաքին գործերը: Ան կը քննադատէ ո՛չ այնքան անոնց զգեստաւորումը, կամ պատուասիրութիւն, որքան անոնց գործադրած կողոպտելու միջոցները, ձեռք ձգելու զանոնք: Մեր Տէրը պարզապէս կը զգուշացնէ: Կը հրաւիրէ մեզ անվստահութեան ու կասկածի` հանդէպ բոլոր անոնց, որ որոշ անձնաւորութիւն մը կը կեղծեն:
Աշխարհի սկիզբէն ի վեր մարդկութիւնը ունեցած է իր առաջնորդները, իր իմաստուները, որոնք ջանացեր են լուսաւորել ժողովուրդները, զոյց տալ անոնց` ճշմարտութեան ճամբան, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ունեցած է այն հեղինակութիւնը, այն իմաստութիւնը, զոր ունեցաւ Քրիստոս, Աստուծոյ Որդին:
Յիսուսի ժամանակակից փարիսեցիները, դպիրները, որոնք զարգացած մարդիկ էին եւ Ս. Գիրքը եւ Աստուծոյ օրէնքը կը բացատրէին, կը մեկնաբանէին պարզ ժողովուրդին` չէին տոկար Քրիստոսի իմաստութեան առջեւ եւ չէին կրնար պատասխանել անոր ամենիմաստուն հարցումներուն, որովհետեւ անոր իմաստութիւնը աստուածային էր, երկինքէն կու գար, իսկ դպիրներունը` երկրաւոր եւ մարդկային:
Սակայն մարդկութիւնը առհասարակ հետեւելու տեղ միակ իր հարազատ Վարդապետին, կը յարի դժբախտաբար ստութեան, մոլորութեան վարդապետներուն, անոր համար ալ ուղեկորոյս խաւարի մէջ կը խարխափի ու չի հասնիր փրկութեան նաւահանգիստը:
Ինչո՞ւ այս ընթացքը կը բռնէ մարդկութիւնը առհասարակ: Որովհետեւ Յիսուսի վսեմ վարդապետութիւնը, ուսուցումը կը պահանջէ զոհողութիւն, անձնուրացում, մահացուցում կիրքերու, զգայարանքներու, մինչ աշխարհի վարդապետները կը փայփայեն մարդկային անկարգ կիրքերը, գոհացում կու տան մարդկային անկեալ բնութեան ի հեճուկս հոգւոյն, մէկ խօսքով կը քարոզեն մարմնոյն պաշտամունքը: Փոխանակ նեղ դրան, որ փրկութեան կը տանի, կը ներկայացնեն լայն ընդարձակ դուռ մը, որ դէպի կորուստ կ՛առաջնորդէ:
Հարկ է հետեւաբար որ հաստատապէս վճռենք թէ որո՞ւն կ՛ուզենք հետեւիլ Քրիստոսի՞ թէ աշխարհի՞ իմաստուններուն: Իմաստութիւնը կը թելադրէ մեզի որ Քրիստոսի հետեւինք վճռապէս, որ աշակերտներուն եւ իր հետեւորդներուն կը խոստանայ յաւիտենական երջանկութիւն, երանութիւն, յաւէրժական օթեւան երկինքի մէջ, մինչ աշխարհի ստապատիր վարդապետները կը խոստանան երկրային, վաղանցուկ երջանկութիւն մը, որ գոհացում մը չի տար մարդկային անհուն, մշտնջենաւոր երջանկութեան իղձին, փափաքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.