2014-10-10 09:50:10

Կարդինալ Փարոլինի գնահատումով ընտանիքի արտակարգ սիւնհոդոսը կ՛ընթանայ եղբայրակցութեան ու ազատութեան մթնոլորտի մէջ։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին Ռատիովատիկանի ձայնասփիւռին հետ ունեցած ելոյթով հաստատած է որ ընտանիքի եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը լաւ ընթացքի մէջ է եւ կարողացած է ստեղծել եղբայրակցութեան ու ազատութեան մթնոլորտ մը, ինչպէս խնդրած էր ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, սիւնհոդոսի առաջին նիստին ընթացքին։
Կարդինալը դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն կը յիշեցնէ որ այս սիւնհոդոսը յուսադրիչ է քանի Եկեղեցին ու Քահանայապետը մօտ են ընտանիքներուն որ պէտք չէ յուսալքուին, որովհետեւ դժուարութիւններուն կարելի է լուծում գտնել։ Սիւնհոդոսը կը խօսի ընտանիքներու Աւետարանին մասին։ Ընտանիքի Աւետարանը նոյնինքն Քրիստոսն է։ Քրիստոսը ընտանիքի հետ է։ Հոն ուր Քրիստոս կայ պատճառ մը չկայ յուսալքուելու ի գին բոլոր դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու։ Եկեղեցին, ըսաւ կարդինալ Փարոլին իր խօսքը եզրափակելով, մօտ է ընտանիքին իր զօրակցութեամբ ու աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.