2014-10-10 10:06:59

Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ Քոպանիի հարցով խռովութիւնները կը շարունակուին զոհերուն թիւը հասաւ 24-ի


Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 9ին, Քոպանիի վրայ յարձակող «Իսլամական պետութեան» զինեալները դարձեալ օդային յարձակումներու թիրախ դարձան, յատկապէս քաղաքի հարաւային ճակատներուն վրայ, սակայն ծայրայեղականները կրցած են յառաջանալ արեւելեան կողմէն՝ գրաւելով Քոպանիի արեւելեան Շրջաններուն մէջ գտնուող ոստիկանատուն մը։
Ամերիկեան զինուորական աղբիւրներու համաձայն՝ քաղաքին մեծ մասը կը շարունակէ մնալ քիւրտերու հակակշիռին տակ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Հինգշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկի հետ, որմէ ետք յայտարարեց, թէ պէտք չէ ակնկալել, որ Թուրքիա առանձնաբար ցամաքային զինուորական գործողութեան դիմէ Սուրիոյ մէջ, հակառակ այդ նպատակով կատարուող կոչերուն: Թուրքիոյ խորհրդարանը աւելի քան շաբաթ մը առաջ արտօնութիւն տուած էր բանակին, որ նման գործողութիւններ կատարէ, սակայն բանակը ցարդ կը բաւարարուի միայն բախումներուն հետեւելով։
Նշենք, որ «Իսլամական պետութեան» համացանցի էջերուն վրայ սպառնալիքներ կատարուած են Թուրքիոյ հասցէին եւ կը պնդուի, թէ Թուրքիա շատ ծանր գին կը վճարէ, եթէ մասնակցի Ամերիկայի գլխաւորութեամբ արեւմտեան երկիրներու կողմէ կազմակերպուած «Խաչակիրներու նոր յարձակումին»։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ ունի հազարաւոր գաղտնի բջիջներ, որոնք ներկայիս սպասումի մէջ են, հակադարձելու համար Թուրքիոյ քայլերուն։
Նաեւ, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ Քոպանիի հարցով խռովութիւնները շարունակուեցան՝ զոհերուն թիւը հասցնելով 24ի, հակառակ կառավարութեան հաստատած կրակմարի դրութեան։
Ըստ«Արմէնփրէս».ի- Իրաքեան Քիւրտիստանի դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր, «Նուներէ Էրմենիա» կուսակցութեան անդամ Երուանդ Ամինեան, որ քիւրտ գաղթականներու վիճակին ծանօթանալու համար այցելած է Քոպանիի կից թրքական Սուրուչ գաւառը, Քոպանիի իրադարձութիւնները նմանցուցած է 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան:
Ամինեան «Ակօս» թերթի թղթակիցին ըսած է, որ Սուրիայէն փախուստ տուած քիւրտ գաղթականները ներկայիս կը բնակին վրաններու կամ խանութներու մէջ եւ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն: Քրտական խորհրդարանի հայ պատգամաւորին համաձայն՝ տակաւին մօտաւորապէս 5000 հոգի կը սպասէ սահմանի սուրիական կողմը, Թուրքիա անցնելու համար, սակայն Անգարա որոշած է փակել սահմանը:
Ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն Սղերթէն իրաքեան Քիւրտիստան ապաստանած հայ ընտանիքի մը զաւակը՝ Ամինեան պատմած է, որ Քոպանիի իրադարձութիւնները պարզապէս կրկնութիւնն են ցեղասպանութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.