2014-10-10 12:48:14

''Անօգուտ ջարդ. Կաթողիկէները եւ Սուրբ Աթոռը Առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ'' միջազգային համագումար։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Վատիկանի ՅՊԲ անուան մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ, Քահանայապետական պատմագիտական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ` ''Անօգուտ ջարդ. Կաթողիկէները եւ Սուրբ Աթոռը Առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ'' խորագիրը կրող միջազգային համաժողովը։
Մամլոյ ասուլիսը ներկայացուցին` Քահանայապետական պատմագիտական կոմիտէի նախագահ` Գերյ Պէրնարտ Արտուրա Օ Փրէմ եւ Հռոմի ''Ռօմա Թրէ'' համալսարանի դաստու` Տիար Ռոպէրթօ Տէլլա Ռոքքա։
Համագումարը` որ կազմակերպուած է Հռոմի մէջ Հունգարական Ակադեմիայի եւ Քրիստոնէութեան ուսումնասիրութեան պատմութեան միջազգային յանձնախումբի համագործակցութեամբ, սկիզբ կ՛առնէ չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ ու կը շարունակուի 16 հոկտեմբերին` Սուրբ Պիոս Ժ քահանայապետի անուան սրահին մէջ ու ապա վերջ կը գտնէ Հունգարական Ակադեմիայի Հռոմի կեդրոնին մէջ` 17 հոկտեմբերին։
Վերոյիշեալ համագումարի կէտնպատակն է վերյիշել համաշխարհային առաջին պատերազմը ու լուսարձակի տակ դնել այդ տարիներու պատմութիւնը` դիտուած հաւատացեալներու աչքերով։
''Անօգուտ ջարդ'' բառերը կը յատկանշեն առաջին աշխարհամարտի ողբերգութիւնը. ''Բառեր գործածուած երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի կողմէ, 1917-ի օգոստոս մէկին, Պետական իշխանութիւններու յղած իր պատգամին մէջ, զանոնք հրաւիրելով վերջ դնել հակամարտութեան եւ դիմել խաղաղութեան ճանապարհին'', յայտնեց Գերյ Պէրնարտ Արտուրա Օ Փրէմ, համագումարի ներկայացումի ընթացքին մաղթելով որ ''առաջին աշխարհամարտի իրադարձութիւններուն մասին ակնարկը օգնէ լաւապէս ըմբռնելու պատմութեան ուսուցումը''։ Համագումարին կը մասնակցին պատմաբաններ եւ մասնագէտներ ինչպէս նաեւ կ՛ուսումնասիրուին այլազան նիւթեր հայող` պատերազմի հետեւանքներուն եւ ստեղծուած ընկերութեան իրականութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեցուածքին յաչս պատերազմներուն եւ հակամարտութիւններուն։
Գերյ Պէրնարտ Արտուրա Օ Փրէմ ապա յայտնեց թէ այլ համագումար մը պիտի կազմակերպուի յառաջիկայ 2018-ին, նուիրուած Վերսայի համաձայնագրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.