2014-10-09 14:24:57

Սուրիոյ Քնայէ գիւղաքաղաքի մէջ առեւանգուած Հայր Հաննա Ժալլուֆ ու չորս տիկիններ ազատ արձակուեցան։


(Ռ.Վ. 09 հոկտեմբեր 2014) Վատիկանի Ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ երէկ` չորեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին, ազատ արձակուեցան անցեալ օրերուն Սուրիոյ Քնայէ գիւղաքաղաքին մէջ առեւանգուած Ֆրանչիսկեան Հայր Հաննա Ժալլուֆ ու անոր հետ եղող 4 տիկիններ մինչ այլ առեւանգուած անհատներու ճակատագիրը կը մնայ տակաւին անյայտ։
Այս լուրը Ֆիտէսին հաղորդած է Հալէպի մէջ լատիններու առաքելական փոխանորդ` գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն Մինչ Սուրբ Երկրի պահակութիւնը յայտնեց թէ Հայր Հաննա ''տնային կալանի'' ենթարկուած է­, իսլամական դատարանի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.