2014-10-09 14:06:10

Եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսի ընթացքին արծարծուած նիւթեր եւ խորհրդածութիւններ։


(Ռ.Վ. 09 հոկտեմբեր 2014) '' Հովուական մարտահրաւէրը կեանքի ի նպաստ. Եկեղեցին ու ընտանիքը դաստիարակութեան մարտահրաւէրին դիմաց եւ Քրիստոնէական կրթութիւնը դժուար պարագաներու մէջ ապրող ընտանիքներու մէջ'', ասոնք են այսօր` Հինգշաբթի 9 հոկտեմբերին, Ընտանիքին հայող եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսի նիստերու ընթացքին քննարկուելիք նիւթերը։ Մինչ երէկուայ նիստերու ընթացքին Սիւնհոդոսական Հայրերը իրենց բանակցութիւնները կեդրոնացուցին Հաւատոյ եւ Ընտանիքի տագնապ, Ընտանիքի շրջանակներուն մէջ քննադատական կացութիւններ եւ Ընտանիքի վրայ արտաքին ճնշումներ նիւթերու շուրջ, ինչպէս նաեւ նոյն սեռի պատկանող անձերու միջեւ միութեան հարցը։
Յայտնենք թէ չորեքշաբթի` 8 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստերուն մասնակցեցան 182 սիւնհոդոս ական հայրեր, մինչ հրապարակային ունկնդրութեան պատճառաւ բացակայ գտնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա ներկայ գտնուեցաւ յետմիջօրէի նիստերուն։
Սիւնհոդոսական Հայրերու զեկոյցները կեդրոնացան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Եկեղեցւոյ վրայ, ուր ընտանիքները ենթակայ են դժուար կացութիւններու ըլլայ քաղաքական ըլլայ տնտեսական եւ ըլլայ կրօնական շրջագիծերէն ներս, որոնք յաճախ արգելք կը հանդիսանան ընտանիքներու միութեան եւ ուր աղքատութեան եւ գաղթականութեան երեւոյթները յառաջացում կ՛արձանագրեն մինչ կրօնական ծայրայեղականութիւնը կը տարածուի եւ քրիստոնեաները իսլամ քաղաքացիներու հաւասար իրաւունքներ չունին։
Եպիսկոպոսները անդրադարձ կատարեցին ապա ''խառն ամուսնութիւններէն'' յառաջացող հարցերու մասին եւ այս առընչութեամբ շեշտեցին Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։ Խօսուեցաւ կրօնափոխութեան եւ դաւանափոխութեան հարցին մասին ընդգծելով թէ հարկաւոր է ընթանալ ողորմածութեան ճանապարհի վրայ հանդէպ այն ընտանիքներուն որոնք քննադատական կացութեան մէջ կ՛ապրին, ինչպէս ամուսնալուծուած զոյգերը։
Ինչ կը հայի վերապսակուած անձերուն` ընդգծուեցաւ սիւնհոդոսական ընթացքի խոհեմ ուղեւորութիւնը, ողորմածութեան հետ համատեղելով ճշմարտութեան անկողմնակալութիւնը հանդէպ անձին ու անոր տառապանքին։
Նշուեցաւ ապա Սուրբ Աթոռի յանձնառումը լսելի դարձնելու իր ձայնը ի պաշտպանութիւն ընտանեկան կառոյցին բոլոր ոլորտներու մէջ, ընդգծելով Ընտանիքի արժանապատուութիւնը, յիշեցնելով անոնց իրաւունքն ու պարտականութիւնները եւ միշտ յատկանշելով անոնց ''այո''ն կեանքին։ Ուստի Եկեղեցւոյ պայքարի հարկաւորութիւնը ընտանիքներուն մէջ արծարծելու Աւետարանին վկայութիւնը, ստեղծագործական հովուական խնամատարութեան միջոցաւ։
Յատուկ ակնարկ կատարուեցաւ երիտասարդներուն, եկեղեցական շարժումներուն եւ կամաւորական հաստատութիւններուն ու աշխարհական հաւատացեալներուն տուած սատարին շուրջ։ Մինչ այլ խորհրդածութեան նիւթ հանդիսացաւ աշխատանքի պակասը եւ անգործութիւնը որ մեծ դժուարութիւններ կը ստեղծեն ընտանեկան կեանքէն ներս։
Ժողովական հայրերը դարձեալ խորհրդածեցին ս. պսակի խորհուրդի մօտեցումի նախապատրաստական դասընթացքի կարեւորութեան մասին ինչպէս նաեւ եւ մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու դերին ընտանիքներու կեանքէն ներս։
Մատնանշուեցաւ ապա թէ Եկեղեցին հայրական տուն մըն է եւ պէտք է ընկերանայ ամէն անձերու ուղեւորութեան, նոյնիսկ անոնց որ հովուական դժուար կացութեան մէջ կը գտնուին։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ կան առողջ եւ տագնապի մէջ ապրող ընտանիքներ ու հարկ է բոլորին նայիլ նոյն ուշադրութեամբ։ Մատնանշուեցաւ ամուսնական դատերու ընթացքին պարզեցումի կարիքին պահպանելով միշտ ճշմարտութեան եւ իրաւունքի յարգանքը։ Հուսկ ընդգծուեցաւ յարգանքի վերաբերմունքի հարկաւորութիւնը հանդէպ ամուսնալուծուած ու վերապսակուած հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.