2014-10-08 09:22:58

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Եւրոպական միութեան խորհրդարանին նեցուկ խթան մը պիտի հանդիսանայ։


(Ռ.Վ. 08 հոկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ 25 նոյեմբերին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Եւրոպական Միութեան Սդրազպուրկ խորհրդարանի կեդրոն կատարած այցելութիւնը, կը զուգադիպի խորհրդարանի հնգամեայ յայտագիրի հրապարակումին հետ, յայտարարած է հայր Փադրիք Տալի` ընդհանուր քարտուղարը Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք խորհուրդին։ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը ապահովաբար նեցուկ խթան մը պիտի հանդիսանայ Եւրոպայի Միութեան։
Հռոմի Պապը Սդրազպուրկ կ'երթայ ընդառաջելով նախագահ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի Մարթին Շուլցին ներկայացուցած հրաւէրին։ Նորին Սրբութիւնը Խօսք պիտի առնէ Եւրոպական խորհրդարանի լիանիստ ժողովին առջեւ։ Սրբազան Հօր այցելութիւնը նշան է կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարեհաճութեան Եւրոպայի ծրագրի իտէալներու հանդէպ, յարած է միշտ հայր Փադրիք Տալի։ Վստահաբար ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի քաջալերէ խորհրդարանականները նախ վերագտնելու եւրոպական ոգին եւ ապա որպէս էական դերակատար մը միջազգային բեմին վրայ օգնութեան հասնելու թերաճ երկիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.