2014-10-08 12:07:38

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած ճառը ուղղուած Ամերիկեան բարեսիրական հաստատութեան լիանիստ ժողովի մասնակիցներուն


(Ռ.Վ. 08 հոկտեմբեր 2014)''Ոչ մէկը աւելորդ պէտք է նկատուի եւ ոչ իսկ պէտք է զրկուի Աստուծոյ Սէրէն եւ մեր ուշադրութենէն''։Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատկերասփռուած ճառի կեդրոնական նիւթը, ուղղուած Ամերիկեան ''Charities USA'' բարեսիրական հաստատութեան որուն հիմնական կէտնպատակն է պայքարիլ աղքատութեան դէմ եւ երկրին մէջ աւելի քան 9 միլիոն աղքատներու խնամք կ՝ապահովէ։
Երէկ, երեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, վերոյիշեալ բարեսիրական կազմակերպութիւնը, Ֆլորիտայի մէջ ամբողջացուց իր տարեկան լիանիստ ժողովը։Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը ժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատկերասփռուած ճառին մէջ , ըսաւ թէ բարի Սամարացիին նման կոչուած ենք ծառայելու եւ հիւրընկալելու բոլոր անոնք որոնք անտեսուած են։
Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց բարեսիրական բոլոր հաստատութիւնները շարունակելու իրենց գործունէութիւնները ի նպաստ աղքատներուն եւ ընդգծեց, թէ բոլորս կանչուած ենք ըլլալու աղքատներու եկեղեցի մը աղքատներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.