2014-10-08 14:25:47

Ընտանիքի մասին Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերը կը շարունակուին ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները'' ։


(Ռ.Վ. 08 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ կայացած Եպիսկոպոսներու արտակարգ Գ սիւնհոդոսի աշխատանքները շարունակուեցան, շօշափելով ''Ընտանիքի հովուական խնամատարութիւնը. ներկայացուած առաջարկներ'' նիւթը։
Յայտնենք թէ նիստին մասնակցեցան 182 սիւնհոդոսական Հայրեր, ու նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ելոյթներու ընթացքին ի յայտ դրուեցաւ կապը ընդմէջ հաւատքի տագնապին եւ ընտանիքի տագնապին եւ թելադրուեցաւ ուղեցոյց մը շարադրել ''Ընտանիքի Քրիստոնէականի մասին'', արժէքաւորելու համար անոր աւետարանական առաքելութիւնը։
Միւս կողմէն շեշտը դրուեցաւ Ընտանիքի ժամանակակից մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնց շարքին արժէքներու տագնապը, անաստուածութեան աշխարհականութիւնը, իշխանութեան ձգտումը որ կը կործանէ ընտանեկան կառոյցը ու զայն կ՛աղաւաղէ, դիւրաբեկ դարձնելով անձերը եւ ընկերութիւնը։ Այս առընչութեամբ ընդգծուեցաւ ընտանիքներու հանդէպ Եկեղեցւոյ ուշադրութեան աճումի կարեւորութիւնը, անհատներու մէջ արթնցնելու համար Ընտանիքի պատկանելիութեան իմաստի գեղեցկութիւնը։
Սիւնհոդոսական հայրերը ապա Ընտանիքը նկատեցին ''կոչումներու օրրան'' որովհետեւ հոն է որ կոչումները կը հասուննան։ Խօսուեցաւ նաեւ սուրբ Մկրտութեան եւ ս. Պսակի խորհուրդներու միջեւ կայացած կապին, հաստատելով թէ քրիստոնէական կեանքի սկզբնաւորութեան լուրջ կազմաւորումը կարելի կը դարձնէ ս. Պսակի իմաստին խոր ըմբռնումը որ պէտք չէ պարզ քրիստոնեայ աւանդութիւն մը նկատել, այլ ընդունիլ որպէս իսկական կոչում։
Զեկոյցներու ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ ընտանիքներու ապրած առօրեային մասին, աշխատանքի ժամանակներու եւ ընտանեկան կեանքի ժամանակ յատկացնելու ներդաշնակ համակեցութեան պակասին։ Լայնօրէն ակնարկուեցաւ նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասի ընտանիքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` բազմա-ամուսնութեան հարցը, պատերազմները, աղքատութիւնը, եւ գաղթականութեան ցաւալի իրականութիւնը ու ծննդաբերութեան կանխարգիլումը....հարցեր որոնք կարիքը ունին խոր աւետարանութեան, որ կարող է զարգացնել խաղաղութեան, արդարութեան եւ սիրոյ արժէքները, ինչպէս նաեւ ի յայտ դնել կնոջ դերը ընկերութեան մէջ եւ մանուկներու ու պատանիներու պատշաճ դաստիարակութիւնը ու յատկապէս բոլոր բռնութիւններու զոհերու իրաւունքը։
Միջամտութիւնները կեդրոնացան նաեւ Եկեղեցւոյ ոճի եւ լեզուի համակերպումին աշխարհի լեզուին, որպէսզի ան հասկնալի դառնայ բոլորին, օգտագործելով նաեւ արդի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները։
Նիստերու ընթացքին Եկեղեցին յատկանշուեցաւ որպէս լոյս, որ կը լուսաւորէ եւ մարդիկը կ՛առաջնորդէ իրենց ուղեւորութեան ընթացքին քայլ առ քայլ։
Չորեքշաբթիի, 8 հոկտեմբերի նիստերու ընթացքին զեկոյցները շարունակուեցան խորհրդածելով Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրներու վրայ, յատուկ կերպով ակնարկելով հաւատքի եւ ընտանիքի տագնապի, ընտանիքներու ապրած դժուարութիւններուն եւ ընտանիքի դէմ գործադրուած արտաքին ճնշումներու մասին։
Յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին ժողովական հայրերու միջամտութիւններու նիւթ կը հանդիսանան Ընտանեկան յատուկ պարագաները եւ միեւնոյն սեռի պատկանող անձերու միջեւ միութիւնը։
Նիստերը վերջ կը գտնեն երեկոյեան ժամը 7-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.