2014-10-07 09:58:07

Սէրը՝ մեր առաջին տաղանդն է


RealAudioMP3 Յիսուս առաքելութեան իր առաջին օրերէն ուզեց հաստատել իր աշա-կերտներուն եւ զինք հետեւողներուն թէ տաղանդաւոր ըլլալու ենք մեր կեանքին ընթացքին մէջ, յաճախ խօսքերով եւ տարբեր օրինակներով փորձեց բաստել թէ ինք եկած է սիրոյ օրինակը ապրելու եւ մանաւանդ սիրոյ դասը տալու եւ տարածելու ամէնուրէք:
Աստուած զանազան տաղանդներ տուաւ իւրաքանչիւրիս, մեզի կը մնայ զայն ապրելու եւ վկայելու բարեկամներուն Աստուծոյ մատը եւ Սէրը այս տաղանդին մէջէն:
Չարչարանքին եւ Գողգոթային ճամբան առնելէն առաջ, Յիսուս յաճախ խօսեցաւ իր մահուան եւ աշխարհին վերջաւորութեան մասին, ուզեց աշակերտները պատրաստել ղէկը բռնելու եւ շարունակելու համար իր կենցաղի կեցուածքը եւ բարի լուրին առաքելութիւնը լաւագոյն ձեւով շարունա-կելու ճամբաները:
Յիսուս ուզեց շեշտել վերջին դատաստանին վրայ, ծանրանալով այդ հարուստին վրայ որ ուզեց շատ հարստութիւններ դիզել. խօսեցաւ նախ այն հարուստին որ բաժնեց իր տաղանդ-ները եւ հարստութիւնները իր գործաւոր-ներուն զանոնք շահելու եւ վրան աշխատելու համար:
Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որակը պահելու եւ զայն պաշտպանելու կեանքին մէջ որովհետեւ մեր քրիստոնէութիւնը որակաւոր է եւ ատոր համար մեր վերջին դատատանին ընթացքին մեր որակին ծանրութեան եւ գեղեցկութեան վրայ է որ երկնաւոր դատաւորը մեզ պիտի դատէ:
Կեանքին մէջ ամէն մարդ մասնաւոր շնորհք մը ստացաւ Աստուծմէ, մեզի կը մնայ զայն յառաջացնելու եւ տածելու ուրիշին: Հոն կը գտնուի մեր յաջողութիւնը երբ մեր տարած կեանքին ընթացքը ըլլայ միշտ պտղաբեր եւ յաջող հոգեւոր գետնի վրայ: Յիսուս չտուաւ մեզի տաղանդները զանոնք պահելու եւ մէկդի զետեղելու այլ զանոնք պտղաբերելու եւ մանաւանդ բարգաւաճելու եւ զարգացնելու:
Այս էր Լոյսը եւ Բանն որ կը գտնենք Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն մէջ: Յիսուս մեզ կը գնահատէ երբ մեզ կը տեսնէ թէ մեր հոգեւոր կեանքը բարգաւաճումի մէջ ըլլայ, բայց բարգաւաճումը անպակաս կը մնայ առանց սիրոյ որ է Աստուծոյ եւ եղբօրս սէրը: Սէրը որ ստացանք Աստուծմէ լաւագոյն տաղանդն է որ կրնանք բոլորս ունենալ. մեզի կը մնայ զայն զարգացնելու եւ մեծցնելու այս սէրը: Յիսուս մեզմէ կը պահանջէ որ ապրինք Սէրը տարբեր ձեւերով ինչպէս հեզութեամբ, քաղցրութեամբ, խոնարհութեամբ, ներողա-մըտութեամբ, ծառայութեամբ եւ ողորմութ-եամբ:
Ո՜վ Յիսուս, շնորհակալ եմ ինծի տուած վստահութեանդ որ զիս կը մղէ կարողութիւնը ունենալու ազատ կերպով սիրելու: Դուն մեզ կը սիրես եւ կ'ուզես մեր սէրը: Շնորհիւ տուած սիրոյդ կրնամ պտղաբեր դարձնել այն բոլոր արարքները որ կ'ընեմ օրուան ընթացքին: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.