2014-10-07 12:58:49

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սդրազպուրկ կատարելիք առաքելական այցելութեան յայտագիրը` 25 Նոյեմբեր 2014-ին։


(Ռ.Վ. 7 հոկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ 25 նոյեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն պիտի կատարէ Եւրոպայի խորհրդարանին։
Նորին Սրբութիւնը 25 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7,55-ին կը մեկնի Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն եւ Սդրազպուրկ կը ժամանէ 10-ին։
Սդրազպուրկի մէջ Սրբազան Հայրը կ՛ունենայ երկու հանդիպումներ, մէկը ժամը 10,35-ին, Եւրոպայի խորհրդարանի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին անոնց կ՛ուղղէ նաեւ ճառ մը, իսկ միւսը ժամը 12,05 անց, Եւրոխորհուրդին անդամներուն հետ ուր Նորին Սրբութիւնը այլ ճառ մը պիտի ուղղէ։
Ժամը 13,05-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը մեկնի Սդրազպուրկի օդակայանէն եւ Հռոմի Չամփինօ օդակայան կը ժամանէ 15,50 անց։
Վերոյիշեալ յայտագիրի հրապարակումին առթիւ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը` 2015-ի տարուայ ընթացքին, առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Ֆրանսա։








All the contents on this site are copyrighted ©.