2014-10-07 09:11:03

Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային երկրորդ օրը։


(Ռ.Վ.- 7 Հոկտեմբեր 2014) Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս նիւթի մասին եպիսկոպոսական արտակարգ երրորդ սիւնհոդոսը, որուն առաջին եւ երկրորդ նիստերը տեղի ունեցան երէկ` այսօր կը շարունակուին երրորդ եւ չորրորդ նիստերով։

Առաւօտեան նիստի ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը կը զեկուցեն ''Ընտանիքի աւետարանը եւ բնական օրէնքը եւ Ընտանիքը ու անհատի կոչումը Քրիստոսի մէջ'' նիւթերու շուրջ, մինչ յետմիջօրէի չորրորդ նիստի ընթացքին շօշափուելիք նիւթն է` ''Ընտանիքներու հովուական խնամատարութիւնը եւ ներկայացուած առաջարկները''։
Ինչպէս յայտնած էինք` առաւօտեան նիստերը սկիզբ կ՛առնեն ժամը 9-ին ու վերջ կը գտնեն 12.30-ին։ Յետմիջօրէի նիստերը կը սկսին ժամը 4-30 ին եւ կ՛եզրափակուին երեկոյեան 7-ին։
Երկուշաբթի, 6 հոկտեմբերին սիւնհոդոսի բացումի նիստին առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ` շեշտելով սիւնհոդոսի նիւթի կարեւորութիւնը յայտնեց թէ ''Եկեղեցւոյ վարդապետութեան կեդրոնը կայ Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը'' եւ թէ ''հովուական խնամատարութիւնը կը նշանակէ հոգիներու փրկութիւն'', եւ թէ Եկեղեցին մարդոց ներկայանալու է սիրոյ եւ ողորմութեան նայուածքով եւ ոչ որպէս դատապարտող ''լախտ'' մը։ Գերապայծառ Ֆորթէ հաստատեց նաեւ թէ ''վարդապետութիւնը փրկութեան պատգամ է''։

Սիւնհոդոսի համանախագահներէն պատգամաւոր նախագահ Կարդինալ Վէն Թրուայ իր կարգին յայտնեց թէ ''հոս կը գտնուինք միասնաբար աշխատելու եւ զարգացնելու միասնական կամք մը Եկեղեցւոյ մէջ, եւ ոչ թէ ''մեծամասնութիւն'' շահելու ներկայացուած առաջադրանքներու շուրջ։ Արդարեւ սիւնհոդոս կը նշանակէ միասին ընթանալ։
Մինչ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Էրտօ յորդորեց ''ընտանիքին նայիլ յոյսով եւ սիրով, հռչակելով անոր արժէքն ու գեղեցկութիւնը, որովհետեւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ընտանիքը կը մնայ ''արտասովոր տիպար մը''։ Կարդինալ Էրտօ հաստատեց թէ ''կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր կեանքը ծրագիր մը չէ, այլ շարք մը պահեր, եւ ուր կայուն յանձնառումը վախ կը յառաջացնէ անհատականութեան հետեւանքով դիւրաբեկ դարձած մարդուն մէջ''։ Ժամանակներու այս նշաններու դիմացն է որ Ընտանիքի աւետարանը կը ներկայանայ որպէս դարման եւ ''բուժիչ ճշմարտութիւն''։ Այս բոլորը սակայն վերահաստատելով ամուսնութեան անլուծելիութիւնը ու անոր սրբութիւնը։ ''Ընտանեկան կառոյցը մարդկութեան ժառանգութիւն մըն է որ պէտք է պահպանուի, աճի եւ պաշտպանուի'', հաստատեց Կարդինալ Էրտօ իր երկարաշունչ զեկոյցին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.