2014-10-07 10:07:12

«Ամենայաղթ խաչիդ նշանով…»


Սիրելի՛ ընթերցող, մեր Ս. եկեղեցին այսօր կը կատարէ «տօնը Վարագայ Սրբոյ Խաչին», որ զուտ հայադրոշմ օր մըն է խաչապաշտ ու խաչակիր մեր ժողովուրդին համար:
Զուտ հայակնիք տօնակատարութիւնն ըլլալով` հայթայթեմ քանի մը հայապատկան տուեալներ: Համոզուած եմ, որ հմտութեամբ կարելի է ամրապնդել հաւատքը, իսկ հաւատքով կ՛օծուի հմտութիւնը:
«Վարագ» ամէն ամսուան 29-րդ օրն է հեթանոս հայերուն տոմարին մէջ:
«Վարագ» իբրեւ յատուկ անձնանուն` առաջին անգամ կը յիշուի 1736-ին:
«Վարագայ լեռ» 3250 մեթր բարձր գագաթն է, որ կը գտնուի դէպի հարաւ-արեւելք, 10 քիլոմեթր հեռու Վանայ լիճէն, պատմական Վասպուրական հայաշխարհին մէջ:
«Վարագայ վանք», որ վեց եկեղեցիներու եւ մատուռներու մենաստանն էր Վարագայ լերան արեւմտեան լանջին վրայ, հիմնուեցաւ Ներսէս Գ. Շինող Տայեցիէն, 641-653 տարիներուն:
Իսկ տօնին շատ համառօտ պատմութիւնը հետեւեալն է: 653-ին, գիշերային մէկ պահուն եւ աղօթքի վերացումին մէջ, Թոդիկ անունով ճգնաւոր մը Վարագայ լերան սարերուն վրայ տեսաւ խաչաձեւ լուսաւորութիւն մը, որ հրաշավայրէն քիչ ետք տեղափոխուեցաւ դէպի Վարագայ վանքը, ուր կեդրոնացաւ խորանին վրայ:
Իր Յովէլ աշակերտին հետ Վարագայ վանքը հասնելով` Թոդիկ կը տեսնէ լոյսերու շողարձակումին մէջ փոքր խաչ մը` սուրբ սեղանին վրայ:
Սրբակեաց ճգնաւորը մտաբերեց անցեալը: Գտնուածը Ս. Հռիփսիմէի ձեռակերտ խաչն էր, զոր, իր խումբը հետապնդած զինուորներէն փախուստ տալէն առաջ, կոյսը պահած էր «Գալիլիա» բարձունքներուն մէկ քարայրին մէջ:
Երեքուկէս դարերուն ընթացքին, այդ շրջանին վանքերու միաբաններն ու ճգնարաններու մենակեացները գիտէին աւանդաբար, թէ հոն` անծանօթ տեղ մը թաքնուած կը մնար ձեռագործ լանջախաչը նահատակ կուսանին:
Հոգեւոր տէրը` Ներսէս Գ. Շինող Տայեցի (Իշխանացի), Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը (641-661), կը ժամանէ Վարագայ վանքը, ուր Հայաստանի բոլոր շրջաններէն հասած հոծ բազմութեան կը հանդիսապետէ Ս. պատարագով ու քարոզով:
Այս հրաշատեսիլը կը նուիրագործէ շատ գեղեցիկ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» շարականով, մէկ շաբթուան պահեցողութեամբ ու տարեկան տօնախմբումով:
Վանքերու եւ եկեղեցիներու թէ՛ նորոգութեամբ ու թէ՛ կառուցումով Ներսէս Գ.-ի ծաւալած շինարարական գործունէութեան գլուխգործոցը հանդիսացաւ 652-ին օծուած Զուարթնոց կաթողիկէն, զոր նուիրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին:
Զուարթնոց անունը տուած է նոյն դարէն մատենագիրը` Սեբէոս պատմիչ, որուն համաձայն, այս տեղը իրարու հանդիպած են Ս. Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչ հայրապետն ու Տրդատ Գ. Մեծ արքան` առթելով ցնծութիւն երկրաւորներուն եւ երկնաւորներուն: «Զուարթուն» կը նշանակէ «հրեշտակ». «Զուարթնոց»-ը` «հրեշտակերուն տուն»:
Վարագայ վանքին հրաշագործ մասունքը ունեցաւ շատ դեգերումներ, որոնց առաջինը դիպեցաւ 1021-ին, երբ Վասպուրականի թագաւորը` Սենեքերիմ-Յովհաննէս զայն հետը տարաւ Սեբաստիա, ուր կառուցանեց Ս. Նշան վանքը: Իսկ վերջին հանգրուանը եղաւ Վանի Ս. Էջմիածին եկեղեցին, որ կոչուեցաւ Ս. Նշան, երբ հոն 1659-ին տեղափոխուեցաւ նոյն քաղաքին Ս. Տիրամայր տաճարէն:
Անցեալէն ներկային հասնող ու նախնիքներուն հետ մեզ զօդող հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ զօրութեան խաչալոյսին խորհուրդն է, զոր կը տօնենք եւ այս հրաշափառ առիթին կը կարդանք առաջին աւետարանիչէն` Ս. Մատթէոսէն «Քրիստոսի գալուստը» խորագրեալ հատուածին երկրորդ մասը (Մտթ. 24,30-35):
Աստուածային Վարդապետին խօսքերն են` ապագան նախագծող ու մեր հոգին գօտեպնդող այն խոր հաւատքով, թէ «երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց Տիրոջ խօսքերը պիտի չանցնին», որովհետեւ կեանք, ճշմարտութիւն, լոյս եւ անմահութիւն են:
Տիրոջ յաւերժատեւ խօսքերուն դիմաց` միայն երկինքն ու երկիրը չեն, որոնք պիտի անցնին, այլ նաեւ ժամանակներն ու մարդերը: Վերջիններուն կը պատկանին յատկապէս ինքնահռչակ մեծազօրները, նաեւ այս տարիներուն մէջ, որոնց հասցէին մարգարէ սաղմոսերգուն կը հաւաստիացնէ. «Մարդուն օրերը կը նմանին խոտին:… Անոր կը փչէ հովը, ու ալ չկայ, ոչ եւս կը տեսնուի անոր տեղը» (Սղմ. 102,15):
Այսօր ալ, մեր անապահով ու վտանգաւոր ժամանակներուն մէջ ու համար Յիսուսի արտասանած խօսքերն են` «զօրութեամբ ու փառքով» լեցուն:
Տիրոջ խօսքերը կը սկսին այս յաղթահունչ նախադասութեամբ. «Այն ատեն երկինքին վրայ պիտի յայտնուի Մարդու Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի Նշանը»:
«Այն ատեն» որեւէ ատեն է ու ամէն ժամանակ է, երբ սաստկօրէն կը միջամտէ «զօրութիւններուն Տէրը», որուն դիմաց` «երկրի ազգերը պիտի բախեն իրենց կուրծքը» եւ պիտի սարսափին տեսնելով «Մարդու Որդին երկինքի ամպերուն վրայ իր ամբողջ հզօրութեամբ ու փառքով»:
«Այն ատեն» Ան` Մարդու Որդին, որ Թագաւոր-Դատաւորն է, «պիտի ղրկէ իր հրեշտակները… հաւաքելու համար ընտրեալները աշխարհին չորս կողմերէն»:
Կ՛աղօթեմ, որ դուն, ես եւ ան` մենք ըլլանք այն ընտրեալներուն մէջ: Անոր համար Յիսուս կը հրամայէ մեզի. «Միշտ աղօթեցէ՛ք եւ հսկեցէ՛ք»:
Մեր աղօթքին ու հսկումին ընթացքին դուն, ես եւ ան` մենք ամրապնդուի՛նք «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» շարականին քանի մը մաղթանքներով ու խոկումներով` միշտ դաւանելով. «Քրիստո՜ս, Մարդասէ՛ր, Դուն ես միայն փառքին Թագաւորը` օրհնաբանուած յաւիտեանս»:
Խաչին վրայ «Դուն տարածեցիր բազուկներդ եւ արիւնդ թափեցիր ամբողջ աշխարհին փրկութեան համար, քու երկրորդ գալուստիդ, երբ Ս. Նշանը երեւի, քու ծառաներդ եւ աղախիններդ արժանի ըրէ՛ վերստին նորոգման»:
«Իր բոցանիշ փայլքով` քու խաչդ, որ խորտակեց թշնամին տիեզերքին փրկութեան համար, քակեց դատակնիքը եւ կոչուեցաւ փայտը կեանքին, մեզի թող ըլլայ ապաւէն»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.