2014-10-06 10:54:51

Սկիզբ Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդսի աշխատանքային նիստերուն։


(Ռ.Վ. - 6 Հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9–ին, սկիզբ առին եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, որուն հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ` Կիրակի, 5 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի չորս ծագերէն Հռոմ ժամանած սիւնհոդոսկան հայրերը։
Արտակարգ երրորդ սիւնհոդոսը նուիրուած է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրներուն, աւետարանումի շրջագիծէն ներս''։
Աշխատանքային նիստերը սկիզբ առին աղօթքով ու ապա խօսք առաւ սիւնհոդոսի երեք համանախագահներէն պատգամաւոր նախագահ` Կարդինալ Վէն Թրուան, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր ժողովականներուն ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը։ Հուսկ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Պալտիսսէրին ներկայացուց սիւնհոդոսի աշխատանքային ընթացքը, ծրագիրները, օրակարգը եւ նիստերու ընթացքին շօշափուելիք նիւթերը ինչպէս նաեւ մի քանի նորութիւններ հայող աշխատանքային մեթոտին։
Կարդինալ Պալտիսսէրի իր ելոյթին մէջ յայտնեց թէ Սիւնհոդոսին կը մասնակցին 191 սիւնհոդոսական հայրեր որոնց շարքին 61 կարդինալներ, 7 պատրիարքներ, 1 աւագ արքեպիսկոպոս, 67 արքեպիսկոպոս, 47 եպիսկոպոս, 1 օգնական եպիսկոպոս, 1 գերյարգելի եւ 6 կրօնաւոր։ Ասոնց աւելցնելու ենք` 16 մասնագէտներ, 38 ունկնդիրներ, 8 քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ 12 պսակուած զոյգեր։
Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակցող հայրերէն 42-ը ժամանած են Ափրիկեան ցամաքամասէն, 38-ն Ամերիկեան ցամաքամասէն, 29-ն Ասիայէն, 78-ն Եւրոպայէն եւ 4-ը Ովկեանեան ցամաքամասէն։
Սիւնհոդոսի աշխատանքային ծրագիրը կ՛ընգրկէ հետեւեալ նիւթերը.
Աստուծոյ ծրագիրը սուրբ պսակի եւ ընտանիքի նկատմամբ եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի մասին վարդապետութիւնը։
Ընտանիքի աւետարանը եւ բնական օրէնքը։
Ընտանիքը եւ անհատի կոչումը Քրիստոսի մէջ։
Ընտանիքներու հովուական խնամատարութիւնը եւ ներկայացուած առաջարկները։
Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները։
Հովուական դժուար պարագաները։
Կեանքի ի նպաստ հովուական մարտահրաւէրները, եւ Եկեղեցին ու Ընտանիքը դաստիարակութեան մարտահրաւէրին դէմ յանդիման։
Ամենօրեայ առաւօտեան նիստերը սկիզբ կ՛առնեն ժամը 9-ին եւ վերջ կը գտնեն 12,30-ին մինչ յետմիջօրէի նիստերը կը սկսին 16,30-ին եւ վերջ կը գտնեն երեկոյեան ժամը 7-ին։ Սիւնհոդոսական աշխատանքներու մասին նախատեսուած է առօրեայ` տեղեկատուական ներկայացումներ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ։
Սիւնհոդոսական հայրերու աշխատանքներուն պիտի ընկերանան Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի` ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' մատրան մէջ կազմակերպուած ամենօրեայ աղօթքներն ու ծիսական արարողութիւնները։
Կարդինալ Պատուասէրիի զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Կարտինալ Էրտոյի ''քննարկումէն առաջ զեկոյցը'' ապա ազատ միջամտութիւններ որուն ընթացքին խօսք առին Կարդինալ Մարատիակա, Կարդինալ Մարթինզ Սիսդախ, Կարդինալ Թաքէօ Օքատա, Կարդինալ Նափիէ եւ Կարդինալ Մարքս, մինչ յետ միջօրէի նիստերու ընթացքին, 16,30-19,00, սկիզբ առաւ ընդհանուր բանավէճը որպէս նիւթ ունենալով ''Աստուծոյ ծրագիրը սուրբ պսակի եւ ընտանիքի նկատմամբ եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի մասին վարդապետութիւնը''








All the contents on this site are copyrighted ©.