2014-10-06 10:04:55

Մարդու Իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարը դատապարտած է Տէր Զօրի եկեղեցւոյ պայթեցումը


Մարդու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարը դատապարտած է “Իսլամական պետութիւն” ծայրայեղական խմբաւորման գրոհայիններու կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցումը: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտարարած է Մարդու իրաւունքներու գծով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարի խօսնակ Ռուպերթ Քոլուիլը:
«Մեզի տեղեկացուցած են, որ «իսլամական պետութիւն»-ը Սեպտեմբերի կէսերուն կարեւոր հայկական եկեղեցի ոչնչացուցած է Սուրիոյ մէջ` Տէր Զօր: Մենք կը դատապարտենք եկեղեցւոյ եւ կրօնական այլ հաստատութիւններու ոչնչացումը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, որ ատիկա բնորոշ է խմբաւորման գործունէութեան, որուն գրոհայինները Հիւսիսային Իրաքի մէջ կը պայթեցնեն մզկիթներ, սրբավայրեր եւ եկեղեցիներ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ մէջ ինչպէս կառավարական ուժերու, այնպէս ալ հակակառավարական զինուած խումբերու վարքը կը շարունակէ կրօնական եւ հնագիտական վայրերու ոչնչացման յանգեցնել: Կը նշուի նաեւ, որ այս տարի աւելցած են հակակառավարական զինուած խումբերու յարձակումները կրօնական հաստատութիւններու վրայ, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ գտնուող եկեղեցիներու:
«Կրօնական հաստատութիւնները յատուկ պաշտպանութեան տակ առնուած են միջազգային մարդասիրական օրէնքով եւ պէտք է յարգուին ու պաշտպանուին բոլորի կողմերէն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.