2014-10-06 10:00:10

Կարդինալ Զենի աղօթքը որպէսզի այլ ''Թիանմէն'' մը չկրկնուի։


Հոնքոնկի երբեմնի առաջնորդը կարդինալ Զէն Զե-Քիում, Ամերիկա կոչուած պարբերաթերթին հետ ունեցած ելոյթով, իր մտահոգութիւնը յայտնած է ''վասն հանրավարութեան'' զանգուածային բողոքացոյցին ի տես, մաղթանք յայտնելով որ կառավարութիւնը չկրկնէ 1989-ի Փեքինի ցուցարարներու դէմ կատարած արարքները։ Կարդինալը որ համակրանքն ու կողմնակցութիւնը յայտնած է ցուցարարներուն, կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան նեցուկ կանգնելու ցուցարարներուն։
Նշենք որ 82 տարեկան կարդինալը ամբողջ շաբաթավերջը ցուցարարներու կողքին կեցած էր ու անոնց պարզած կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը եւ իրաւունքը` խաղաղ ընդդիմութեան։ Ան պահանջեց որ Փեքինը եւ Հոնքոնկը յարգեն 1997-ի իրենց խոստումը Հոնքոնկը Չինաստանի յետ դարձումին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.