2014-10-05 11:17:56

Եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի բացման սուրբ պատարագի արարողութիւնը սուրբ Պետրոսի մէջ։


Կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց` ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' բնաբանով Եպիսկոպոսական Գ ընդհանուր եւ արտակարգ սիւնհոդոսի բացման սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին սիւնհոդոսական հայրերը որոնց շարքին է նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս - պատրիարքը։
Հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Տիրոջ ''այգիին'' վրայ։
Աստուծոյ այգին – ըսաւ Քահանայապետը - կը համապատասխանէ Տիրոջ համայն սիրով մշակուած ծրագիրին։ Աստուծոյ երազը իր ժողովուրդն է զոր Ինք կը մշակէ ուշադրութեամբ ու հաւատարիմ եւ համբերատար սիրով, որպէսզի դառնայ սուրբ ժողովուրդ մը. ժողովուրդ մը որ արդարութեան բազմաթիւ համեղ պտուղներ կը պարգեւէ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց Յիսուսի պատմած` ոճրագործ այգեպաններու առակին, այգեպանները նմանեցնելով այն անձերուն որոնք Տիրոջ ծրագիրը կը կործանեն, միայն իրենց շահերուն մտածելով։ Աստուած իր երազը յանձնած է իր ժողովուրդին իմաստուններուն եւ առաջնորդներուն որպէսզի զայն մշակեն եւ պահպանեն։ Այս է ժողովուրդին առաջնորդներուն պարտականութիւնը` մշակել այգին ազատութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ աշխատսիրութեամբ։ Այգեպանները սակայն ուզեցին տիրանալ այգիին, իրենց նեղմտութեան եւ սնապարծութեան հետեւանքով։ Մենք ալ, Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսներս, կանչուած ենք աշխատելու Տիրոջ այգիին համար։ Սիւնհոդոսական նիստերը չեն ծառայեր ինքնատիպ եւ գեղեցիկ գաղափարներու մասին բանակցելու, կամ նայելու թէ ո՞վ աւելի խելացի է։ Կը ծառայեն աւելի լաւ մշակելու եւ խնամելու Տիրոջ այգին, մասնակցելու Անոր երազին, ու Անոր` Ժողովուրդին հանդէպ ունեցած սիրոյ ծրագիրին։ Այս սիւնհոդոսի պարագային, Տէրը մեզմէ կը խնդրէ հոգալ Ընտանիքին, որ ի սկզբանէ եղած է Իր` մարդկութեան հանդէպ ունեցած ծրագիրին մէկ ամբողջական մասը։
Մենք ալ կը գտնուինք այգիին տէր դառնալու փորձառութեան դիմաց, մեր մարդկային նեղմտութեան պատճառաւ։ Մենք ալ կարող ենք խափանել Տիրոջ երազը, եթէ թոյլ չտանք որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեզ։ Սուրբ Հոգին որ մեզի կու տայ իմաստութիւն մը որ կը գերազանցէ գիտութիւնը, որպէսզի կարենանք աշխատիլ առատաձեռնութեամբ, ազատութեամբ եւ հլու ստեղծագործութեամբ։
Այս ընելու համար – ըսաւ հուսկ Քահանայապետը քարոզին աւարտին – հարկաւոր է որ մեր սրտերը եւ մեր մտքերը պահպանուին Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որպէսզի մեր մտքերը եւ մեր ծրագիրները ըլլան Աստուծոյ երազին համապատասխան` ''կազմել սուրբ ժողովուրդ մը, որ կը պատկանի Անոր, եւ որ պտուղներ կը պարգեւէ Աստուծոյ Արքայութեան համար։.







All the contents on this site are copyrighted ©.