2014-10-04 12:40:13

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը անկար մարզիկներուն։


Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին. Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց` աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած 7 հազար անկար մարզիկներուն ` “Believe To Be Alive - Հաւատայ որ ապրիս” մարզական ձեռնարկի առթիւ։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ուրախալի ներկայութեան, մատնանշելով թէ ամէն մէկը իր հետ բերած է մարզական փորձառութիւնը` ձեռքբերումները, դժուարութիւնները, յաղթանակները....եւ վկայութիւնը` մարզական փորձառութիւնը բաժնեկցելու ուրիշներուն հետ։
Մարզանքը – ըսաւ Քահանայապետը – կը զարգացնէ կապեր եւ յարաբերութիւններ, տարբեր միջավայրերու եւ մշակոյթներու պատկանող անձերու հետ, ու մեզ կ՛օգնէ ապրիլ ընկալելով տարբերութիւնները, ու այս հանդիպումներէն քաղել հարստութեան փոխադարձ թանկարժէք առիթ մը։ Մարզանքը կը դառնայ նաեւ արժէքաւոր առիթ որպէսզի զիրար ճանչնանք որպէս ճանապարհորդակից եղբայրներ եւ քոյրեր, ու սատարել ներառման մշակոյթին եւ ետ մղել մերժումի մշակոյթը։
Ձեր փորձառութիւնը, սիրելի մարզիկներ, յոյսի մեծ նշան մըն է – ըսաւ ապա Քահանայապետը – եւ ապացոյցն է թէ ամէն անհատի մէջ կայ ներուժ մը որ շատ անգամ կարելի չէ երեւակայել, եւ որ կարելի է զարգացնել վստահութեան եւ զօրակցութեան հոգիով։ Ան ապա յայտնեց թէ ''Աստուած առաջինն է որ այս մէկը գիտէ։ Ան մեզ կը ճանչնայ որեւէ անձէ աւելի, մեզի կը նայի վստահութեամբ, ու մեզ կը սիրէ, ու մեզ կ՛աճեցնէ մեր կարելիութիւններուն եւ կարողութիւններուն համաձայն։ Այսպէսով առանց պատնէշի մարզանքի ձեր ջանքերուն մէջ, ի սպաս առանց մերժուածներու աշխարհի մը, դուք միայնակ չէք, Աստուած` Մեր հայրը ձեր հետն է միշտ։
''Թող ուրեմն մարզանքը ըլլայ այն մարզավայրը ուր ամէն օր կը մարզուիք յարգելու դուք ձեզ եւ ուրիշները, մարզավայր մը որ առիթ կու տայ ծանօթանալու նոր անձերու եւ միջավայրերու եւ ձեզ կ՛օգնէ դուք ձեզ գործունեայ մաս նկատելու ընկերութեան – ըսաւ Քահանայապետը ճառին աւարտին, մաղթելով որ մարզանքի միջոցաւ անոնք կարենան փորձարկել նաեւ Աստուծոյ մօտիկութիւնը եւ եղբայրներու ու քոյրերու բարեկամութիւնը, ու ապա օրհնեց բոլորը անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.