2014-10-04 14:12:29

''Քրիստոնեաները հալածուած են հրամայական է դադրեցնել բռնութիւնները'' ըսաւ կարդինալ Փարոլին։


Շաբաթ, 4 հոկտեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոսեան մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան մերձաւոր արեւելքի մէջ գործող առաքելական պատուիրակները, որոնք Վատիկանի մէջ, 2 – 4 հոկտեմբեր,, Հռոմի Քուրիայի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ միասին քննարկեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հարցը, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` Կարտինալ Փարոլին, մատնանշելով Ասսիզացի ս. Ֆրանչիսկոսի ծիսական տօնին ըսաւ թէ ''Ասսիզիի աղքատիկը մեզի կը սորվեցնէ երկխօսութեան պատճառները, քաջութիւնն ու համբերութիւնը, նոյնիսկ հեռու գտնուողներուն հետ''։ Ան ապա յայտնեց թէ ''խորապէս տպաւորուած ենք ի տես խաղաղութեան դէմ աճող սպառնալիքներուն եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ապրած ցաւալի իրավիճակին։ Հասարակութիւն մը որ առաքեալներու օրերէն իսկ կ՛ապրէր այդ հողերու վրայ, եւ այսօր թիրախ է հալածանքներու, որոնք կը ստիպեն հեռանալ եւ թողուլ տուներ եւ երկիր։
Եկեղեցին – հաստատեց Կարդինալ Փարոլինը – չի կրնար անտարբեր մնալ իր զաւակներուն կրած հալածանքներու դիմաց եւ միջազգային հասարակութիւնը չի կրնար չէզոք դիրք բռնել։ Անհրաժեշտ է ուրեմն ի գործ դնել բոլոր ձեռնարկները որ կը սատարեն Պետութիւններու ու հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ներգրաւելու։ Հալածուած քրիստոնեաները եւ բոլոր անոնք որ անարդարօրէն կր տառապին, Եկեղեցւոյ մէջ տեսնելու են զիրենք պաշտպանող իշխանութիւնը, իրենց համար աղօթող եւ գործող իշխանութիւն մը որ վախ չունի ճշմարտութիւնը հռչակելու, դառնալով ձայն անոնց համար որ ձայն չունին, պաշտպանութիւն եւ նեցուկ անոնց որ հարստահարուած, գաղթական կամ լքուած են։
Վերյիշելով ապա Սուրբ Աթոռի յանձնառումը ի սպաս կեանքի իրաւունքին եւ կրօնի ազատութեան Կարդինալ Փարոլին հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը` միջազգային օրէնսդրութեան կիրարկումով` ապահովել անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ կասեցնելով բռնութիւնները։
Ամէնքս - ըսաւ Ան - կանչուած ենք այս գործը կատարելու յանձնառութեամբ, ի սպաս աշխարհի խաղաղութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման ու անոնց զարգացումին եւ ի սպաս մարդկութեան բարիքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.